2014-05-14 11:29:27

Սուրբ Երկրի մէջ իննօրեայ աղօթք ի պատրաստութիւն Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութեան։


14-էն 22 մայիս, Սուրբ Երկրին մէջ, կազմակերպուած են ինը օր տեւողութեամբ աղօթքի յատուկ օրեր, ի պատրաստութիւն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 24-էն 26 մայիսին, Սուրբ Երկիր կատարելիք ուխտագնացութեան։

Իննօրեայ աղօթքի օրերուն, տեղի կ'ունեան անհատական եւ հասարակաց աղօթք Սուրբ Երկրի զանազան սրբավայրերու մէջ կատարելով ծոմապահութիւն եւ Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունք, հոգեպէս պատրաստուելու Ֆրանչիսկոս Պապi ընդունելութեան եւ աղօթելու Սրբազան Հօր` Բարթողէմէոս Ա.` Օրթոտոքս Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարքին հետ հանդիպումի դիտաւորութեան։

Նշենք, թէ Նորին Սրբութեան Սուրբ Երկիր ուխտագնացութիւնը տեղի կ'ունենայ Պօղոս Զ Պապի եւ Աթէնակորա Պատրիարքին միջեւ Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին 50 ամեակի առթիւ։ Սրբազան Պապը սոյն այցելութեամբ կը նպաստէ եւ կը վերանորոգէ Կաթողիկէ եւ Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ միջեւ։ գոյութիւն ունեցող դրական յարաբերութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.