2014-05-14 09:53:53

Եազիժի Պատրիարքը ծոցի երկիրներուն մէջ քննարկեց առեւանգուած առաջնորդներուն թղթածրարը


Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը Պահրէյն եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ իր կատարած հովուապետական այցելութեան ընթացքին շեշտեց, որ իր այդ շրջապտոյտին պատգամը կարելի է խտացնել հետեւեալ կէտերուն մէջ. ազգային գոյակցութեան ու համերաշխութեան, փոխադարձ ներողամտութեան, ինչպէս նաեւ հանդուրժողականութեան եւ իրարու ճանչնալու անհրաժեշտութիւնը:
Ծոցի երկիրներուն մէջ Եազիժի պատրիարքը ընդգծեց Արեւելքի մէջ քրիստոնէական գոյութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ պետական անձնաւորութիւններուն հետ քննարկեց Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու առաջնորդներուն թղթածրարը եւ զանոնք ազատ արձակելու անհրաժեշտութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.