2014-05-13 08:51:56

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Սուրբ Երկիր ուխտագնացութեան առթիւ Օրհներգ։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յառաջիկայ 24-26 Մայիս ուխտագնացութիւնը կը կատարէ Սուրբ Երկիր յիշատակելու` Պօղոս Զ երջանկայիշատակ Քահանայապետի եւ Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Աթենակորասի միջեւ կայացած հանդիպման 50-րդ տարեդարձը։
Ֆրանչիսկոս Պապի Սուրբ Երկիր այցելութեան առթիւ տեղական Եկեղեցին յօրինած է հետեւեալ օրհներգը։
Քեզի հետ կ’ընթանանք իբրեւ վկաներ Քրիստոսի,
Ֆրանչիսկոսի քայլերուն վրայ սփռելով «Խօսք»ին լոյսը:
Քեզի հետ կը քալենք ինչպէս Մարիամ` Ծննդեան լոյսով`
Կը պահպանենք Մկրտութեան ջուրով ստացած ուխտը:
Մեր Փրկչին Խաչին զօրութիւնը մեզ կը պաշտպանէ,
Ու զԱյն մեզի հետ կը տանինք երբ ստրկութեան մէջ ապրողներուն բարի լուրը կ՛աւետենք:
Մարդկային ամէն էակի մէջ քեզի հետ կը փնտռենք Արարչին դէմքը:
Սէ՛ր կը սերմանենք որ պիտի ծաղկի ուրախութեամբ.
Կը վկայենք մեր Փրկչին հաւաատքը, Եկեղեցին,
Որ մեզ կը կենդանացնէ իր Խորհուրդներով.
Որ մեզ կը սնուցանեն ու մենք կը յառաջանանք խորասուզուած հաւատքի մէջ:
Մարդոց մէջ` քեզի հետ կը հագուինք գթութեան «վերարկու»ն,
Երկրի ազգերու մէջ դառնալով խաղաղութեան առաքեալներ:
Մեր Փրկչին Աւետարանը Լոյսն է, որ կ’առաջնորդէ մեզ:
Ուրեմն, ապրինք այս Խօսքով եւ ընթանանք ներդաշնակութեան փնտռտուքով:
Քեզի հետ միասին Սուրբ Երկրէն կը բարձրացնենք մեր աղօթքները,
Կ’աղօթենք Արեւելքի համար, որ կը տառապի ու կորսնցուցած է իր ճանապարհը:
Թո՛ղ մեր Փրկչին Սէրը մեզ ազատէ եւ ճոխացնէ.
Զգենունք ուրեմն այս Սէրը եւ ընթանանք ազատութեան ա՛յս ուղիէն:
Քեզի հետ կ’երգենք Յարութիւնը ու կը հռչակենք կեանքը`
Վկայելով Պետրոսը, որ անգամ մը եւս կը հանդիպի իր եղբայրներուն:
Յիսուս` մեր Փրկիչը, մեզմէ միութիւն կը խնդրէ.
Լսե՛նք զԻնք եւ ընթանանք զԻնք ունկնդրելու տրամադրութեամբ:







All the contents on this site are copyrighted ©.