2014-05-13 08:44:46

Ռայի Պատրիարքը հանդիպումներ կ՛ունենայ Ժեմայէլի եւ Նատեր հարիրիի հետ


Նախագահական ընտրութեան վերաբերող զարգացումները քննարկելու շրջագիծին մէջ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ կէսօրէ առաջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը:
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ ընդգծեց սահմանադրական ժամկէտի սահմաններուն մէջ նախագահի ընտրութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ անիշխանութիւնը կը քանդէ պետական բոլոր հաստատութիւնները, հետեւաբար պէտք է կանխարգիլել զայն:
Ժեմայէլ նշեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ ներդաշնակութիւն գոյութիւն ունի:
Ան նշեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի միջեւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը այդ ուղղուածութեան հիման վրայ կատարուած է:
Ժեմայէլ ընդգծեց, որ Հարիրի յանձնառու է երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն գործունէութեան եւ անոնց մէջ քրիստոնեայ համայնքին պատասխանատուութիւններուն:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանի միակ փրկութիւնը զինք բաղկացնող տարրերուն միջեւ խորհրդակցութիւնն է: «Չեմ կարծեր, որ Հարաւային արուարձանները Լիբանանի աշխարհագրութենէն դուրս կը գտնուին: Մենք ոչ մէկ ատեն այդպէս կրնանք մտածել եւ մեզի համար կարեւոր է, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը այս հանգրուանին ստանձնեն իրենց պարտականութիւնները: Մենք կը փորձենք Լիբանանը դուրս բերել հարցերէն եւ այդ ճահիճէն, որուն մէջ կը գլորի տարիներէ ի վեր», ըսաւ ան:
Աւելի ուշ Ռայի պատրիարքը հանդիպում մը ունեցաւ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ Նատեր Հարիրիի հետ, որ պատրիարքին փոխանցեց նախկին վարչապետին մտահոգութիւնը` հաւանական անիշխանութեան մասին:
Հարիրի յայտնեց, որ կարեւորագոյնը այն է, որ Լիբանանի քրիստոնեայ բաղկացուցիչը մնայ երկրին խորհրդանիշը եւ նախագահական ընտրութիւնը կատարուի սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին








All the contents on this site are copyrighted ©.