2014-05-13 08:55:59

''Պէտք Է գտնենք Հայաստան Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցելու ձեւ մը''`. Ֆրանսայի Նախագահ։


«Մենք պէտք է գտնենք Հայաստան Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցելու այնպիսի ձեւ մը, որ չի հակասեր Հայաստանի Մաքսային միութեան անդամակցելուն»: Այս մասին երէկ հայ-ֆրանսական տնտեսական ֆորումին ընթացքին յայտարարեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, որ առաջին անգամ ըլլալով պետական այցելութեամբ ժամանած է Հայաստան:
«Մենք չենք ստիպեր Հայաստանին, որ այնպիսի ընտրութիւն կատարէ, որ կը հակասէ իր շահերուն, այդ մասին ես խօսած եմ Սերժ Սարգսեանի հետ Ֆրանսա կատարած այցելութեան ընթացքին», յայտնեց Ֆրանսուա Հոլլանտ։
Անդրադառնալով հայ-ֆրանսական տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման` նախագահ Հոլլանտ նկատել տուաւ, որ Ֆրանսայի մէջ կ՛ապրին 500 հազար հայեր, բայց երկու երկիրներուն տնտեսական արդիւնքները սերտելէ ետք պարզ կը դառնայ, որ շատ ընելիքներ կան այդ ուղղութեամբ. պէտք է նախ Ֆրանսայի գործարար հանրութեան ծանօթացնել հայաստանեան շուկան:
Նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ոգեւորիչ նկատեց այն հանգամանքը, որ այսօր Սերժ Սարգսեանի հետ պիտի այցելեն ֆրանսական «Քարֆուր» մեծ հանրախանութներու ցանցի երեւանեան կեդրոնը` տեսնելու, թէ ո՞ր ֆրանսական եւ հայկական ապրանքները պիտի առաջարկուին յաճախորդներուն:
«Մենք կը ցանկանք աջակցիլ Հայաստանին թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական մարզերուն մէջ», եզրափակեց Հոլլանտ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութիւնը կարելիութիւն կու տայ ուժանիւթ ներմուծելու մրցունակ գիներով` 30 տոկոս զեղչով, ինչ որ եւս մեծ խթան է տնտեսութիւնը զարգացնելու համար:
Նախագահ Սարգսեան հերքեց այն լուրերը, թէ Մաքսային միութեան անդամակցութիւնը կրնայ խոչընդոտել ներդրումները, որոշ ապրանքատեսակներու սղութեան պատճառով. «Հիմնական հումքերի եւ ապրանքատեսակներու մասով մենք արդէն բանակցային հոլովոյթին մէջ ունինք համաձայնութիւններ, երկրորդ` Հայաստանի կառավարութիւնը ունի գործիքներ, որոնցմով կը խրախուսէ տուեալ ներդրողին, եթէ ժամանակի ընթացքին ըլլան որոշակի փոփոխութիւններ, կապուած հումքի ներմուծման հետ: Կ՛ուզեմ ըսել, որ այստեղ շատ հանգիստ կարելի է ըլլալ»:
Նախագահներ Սարգսեան եւ Հոլլանտ այցելեցին նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգելու համար մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը:








All the contents on this site are copyrighted ©.