2014-05-13 13:18:12

''Ասիայի ընտանիքներ- յոյսի Ճրագ'' վերտառութեամբ Ասիական գիտաժողով


RealAudioMP3 Փիլիպպեան կղզեախումբի Մանիլա քաղաքին մէջ, 13-էն 16 մայիս, տեղի կ'ունենայ, ընտանիքի հայող ''Ասիայի ընտանիքներ` յոյսի ճրագ'' տիտղոսը կրող գիտաժողով մը որ կազմակերպուած է նախաձեռնութեամբ Փիլիպպենցի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի ջանքերով, որ առաջին անգամուան համար, ունի
Քահանայապետական ընտանիքի խորհուրդի պաշտօնական նպաստը ըլլայ կազմակերպչական գետնի վրայ ըլլայ գիտաժողովի նիւթերու բովանդակութեան, գծով։

Վերոյիշեալ գիտաժողովին պատուոյ հիւրն ` Ընտանիքի քահանայապետական խորդուրդի քարտուղարը գերպայածառ Ժան Լաֆիթ, որ չորս օրերու ընթացքին, ընտանիքի հայող՝ զանազան դասախօսութիւններ կը ներկայացնէ։

Ասիական ընտանիքի գիտաժողովի գործերուն հիմնական ներշչնման աղբիւր
կը հանդիսանայ ՝ 1981 թուականին լոյս տեսած Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի ընտանիքի մասին` <> Առաքելական յորդորագիրը։

Գիտաժողովին բացումը կը կատարէ՝ գերպայածառ Ժան Լաֆիթ, զրուցելով ''Մարտահրաւէրներ եւ օրհնութիւն` Ասիական ընտանիքներու'' նիւթին մասին։







All the contents on this site are copyrighted ©.