2014-05-12 13:41:30

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի առաւօտեան հանդիպեցաւ Հռոմի Քահանայապետական վարժարաններու տեսուսչներուն եւ աշակերտութեանց հետ։


Երկուշաբթի, 12 Մայիս, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Մեքսիքոյի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի եպիսկոպոսներու առաջին խումբը, որ հռոմ ժամանած է հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Սրբազան Քահանայապետը հոuսկ ժամը 12-ին, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Հռոմի Քահանայապետական վարժարաններու եւ գիշերօթիկ դպրոցներու տեսուսչներուն եւ աշակերտութեանց ։

Հանդիպումի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը զրոյց մը ունեցաւ ներկաներուն հետ պատասխանելով իրեն ուղղուած մի քանի հարցումներուն հայող, ի մէջ այլոց, ''ակատեմական կազմաւորումին'', ''նորընծայարանի հասարակաց կեանքին'', ''առաքելական կեանքի նուիրումին'' ։

Հանդիպումի սկիզբը Սրբազան Հայրը ակնարկելով Միջին Արեւելքէն եւ Ուքրանիայէն եկող աշակերտներուն անոնց յայտնեց իր մօտիկութիւնը ըսելով` ''Կ՛ուզեմ ձեզի ըսել որ այս ցաւալի պահերուն ձեզի մօտիկ եմ, իսկապէս մօտիկ։ Եկղեցւոյ մէջ շատ տառապանք կայ ու մի քանի շրջաններուն մէջ Եկեղեցին հալածուած է, ու ես ձեզի մօտիկ եմ։







All the contents on this site are copyrighted ©.