2014-05-12 08:43:33

Տոնեցքի եւ Լուհանսքի մէջ Ուքրանիայէն անջատուելու շուրջ հանրաքուէ


Կիրակի 11 Մայիսի Ուքրանիոյ ծայրագոյն արեւելեան շրջաններուն մէջ տեղի ունեցաւ Ուքրանիայէն անջատուելու շուրջ հանրաքուէ` մեծաթիւ մասնակցութեամբ: Ուքրաներէնով եւ ռուսերէնով գրուած քուէաթղթիկներուն վրայ գոյութիւն ունէր միայն մէկ հարցում. «Տոնեցքի ժողովուրդի հանրապետութիւն-Լուհանսքի ժողովուրդի հանրապետութեան ինքնավարութեան հռչակումին կ՛աջակցի՞ս»:
Ուքրանիա քուէարկութիւնը Ռուսիոյ կողմէ կազմակերպուած «քրէական խեղկատակութիւն» որակեց:
Միացեալ Նահանգները, Եւրոպական Միութիւնը, Ֆրանսան եւ այլ արեւմտեան երկիրներ քննադատեցին հանրաքուէն: Ուաշինկթըն յայտարարեց, որ հանրաքուէն ապօրինի է եւ անոր արդիւնքը պիտի չճանչնայ: Մինչ այդ, Վենեզուելլա յայտարարեց, որ կը մերժէ ճանչնալ Քիեւի կառավարութիւնը:
Տոնեցքի մէջ ռուսախօսներու ղեկավար Տենիս Փուշիլին յայտնեց, որ հանրաքուէի արդիւնքին հրապարակումէն ետք շրջանին մէջ գտնուող ուքրանական բոլոր ուժերը «բռնագրաւող ուժեր» պիտի նկատուին: Ան նաեւ ըսաւ, որ Ուքրանիոյ բանակէն զինուորներ Քրաստոարմիիսքի մէջ քուէարկութեան կեդրոններ գրաւած են:
Մէկ շաբաթ ետք դարձեալ հանրաքուէ մը նախատեսուած է, այս անգամ` Ռուսիոյ միանալու հարցով: Կազմակերպիչները նաեւ կը յայտնեն, որ իրենք պոյքոթի պիտի ենթարկեն 25 մայիսին նախատեսուած Ուքրանիոյ նախագահական ընտրութիւնը:
Ուքրանիոյ ժամանակաւոր նախագահ Օլեքսանտր Թուրչինով ընդունեց, որ արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ շատեր ռուսամէտ զինեալներուն կը զօրակցին, սակայն զգուշացուց, որ հանրաքուէները «դէպի գահավէժ քայլեր են»:








All the contents on this site are copyrighted ©.