''Սուրբ Հոգին Եկեղեցին կը մղէ իր ուժերէն անդին'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, 12 Մայսիին
արտասանած քարոզին մէջ։
Երկուշաբթի, 12 մայիսի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած առօրեայ
սուրբ պատարագի զոհին ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շեշտը
դրաւ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեան վրայ հաստատելով թէ ''''Սուրբ Հոգին է որ Եկեղեցին
կը մղէ իր ուժերէն անդին, միշտ յառաջ''։
''Մենք Ո՞վ ենք որ Սուրբ Հոգւոյն առջեւ
դռները կը փակենք'' հարց տուաւ Քահանայապետը, անդրադառնալով օրուան սուրբ գրային ընթերցումին
ուր կը խօսուի հեթանոսներու դարձի մասին։ Եթէ Տէրը մեզի ցոյց կու տայ ճանապարհը մենք
ո՞վ ենք որ Անոր ըսենք ''ոչ Տէր իմաստուն չէ, տարբեր ձեւով ընենք'' յարեց Նորին Սրբութիւնը
ու հաստատեց թէ ''Այսօր եւս, Աստուած Եկեղեցւոյ ղէկը դրած է Սուրբ Հոգիին ձեռքերուն
մէջ։ Սուրբ Հոգին Աստուծոյ ողջ ներկայութիւնն է Եկեղեցւոյ մէջ։ Ան է որ Եկեղեցին յառաջ
կը տանի, իր ուժերէն անդին։ Իր պարգեւներով Սուրբ Հոգին կ՛առաջնորդէ Եկեղեցին։ Առանց
Յիսուսի մեզի շնորհած Հոգիին Եկեղեցին անհասկնալի է։ ԻՆչպէս կ՛ըսէր Սուրբ Յովհաննէս
ԻԳ` Սուրբ Հոգին է որ կը վերանորոգէ Եկեղեցին։ ''Մենք Քրիստոնեաներս Տիրոջմէ խնդրելու
ենք շնորհքը` Սուրբ Հոգւոյն հնազանդելու, Անոր որ մեր սրտին կը խօսի, մեզի կը խօսի կեանքի
պայմաններու ընթացքին, Եկեղեցական կեանքի մէջ, քրիստոնէական հասարակութիւններուն մէջ։
Ան միշտ մեզի կը խօսի'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը քարոզը եզրափակելով։