2014-05-12 08:40:41

Հարաւային Թուրքիոյ մէջ սուրիացիներու եւ թուրքերու միջեւ բախումները 4 վիրաւոր պատճառեցին։


Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ալեքսանտրէթի Հասսա գիւղին մէջ թուրքերու եւ սուրիացի գաղթականներու միջեւ բախումներ տեղի ունեցած է, երբ վերջիններս նեղութիւն տուած են թուրքերու, անոնց ճամբան փակած են եւ քարկոծած, ինչ որ թուրք երիտասարդները մղած է հակադարձելու քարկոծելով եւ գաւազաններով ու երկաթէ ձողերով զինուած յարձակում գործելու:
Պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, որ բախումներուն ընթացքին վիրաւորուած են չորս անձեր, որոնցմէ երեքը` սուրիացի գաղթականներ:
Թրքական ոստիկանութիւնը անմիջապէս դէպքին վայրը հասնելով ձերբակալած են եօթը անձեր եւ բախումները կասեցուցած` սուրիացիները ամբողջովին գիւղէն այլուր հեռացնելով:








All the contents on this site are copyrighted ©.