2014-05-12 08:32:27

Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան կը մեկնի Յորդանան:


Քահանայապետական միջկրօնային երկխօսութեան խորհուրդի նախագահ՝ Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան, ընկերակցութեամբ խորհուրդի քարտուղար՝ Հայր Միկէլ Անճէլ Այուսօ Կուիքսօյի եւ մահմետական կրօնի գրասենեակի պատասխասնատու՝ գերապայծառ Խալէտ Աքաշէի, 12 – 14 Մայիս, կը մեկնին Յորդանան, մասնակցելու Ամմանի մէջ գտնուող ''Փէթրա'' կոչուած համալսարանի մէջ կազմակերպուած գիտաժողովի մը , որ ունի որպէս նիւթ ''կրօն ու բռնութիւն'' եւ որուն կէտնպատակն է սատարել միջկրօնական երկխօսութեան զարգացումին։
Գիտաժողովը կազմակերպուած է Ամմանի մէջ Իտալիոյ դեսպանատան եւ միջ-համայնքային ուսմունքի հաստատութեան ինչպէս նաեւ Եւրոպայի Միութեան Յորդանանի պատուիրակութեան միացեալ ջանքերով։
Գիտաժողովը ստորաբաժանուած է երկու մասի` պատմական եւ կրօնական։ Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան ելոյթ կ'ունենայ կրօնական նիստի ընթացքին։ Յաջորդաբար, 13-էն 14 մայիս, Քահանայապետական միջկրօնական երկխօսութեան ներկայացուցիչները եւ Ամմանի միջ-համանքային ուսմունքի հաստատութիւնը կը մասնակցին՝ համատեղ կազմակերպուած, միջ-կրօնական բնոյթ ունեցող զրոյցի մը ՝ որուն բացումը պիտի կատարէ Յորդանանի Իշխան` Էլ Հասան Պին Թալալ եւ Քահանայապետական խորհուրդհի նախագահ Կարտինալ Թոռանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.