2014-05-12 09:57:48

Եգիպտոսի ղպտի օրթոտոքս պատրիարքի պատգամը ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Զատկուայ տօնին թուականի միացումին ի խնդիր։


Ղպտիներու օրթոտոքս պատրիարքը գերեջանիկ Թաուատրոս Բ նամակ մը յղած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետին իրենց հանդիպումին առաջին տարեդարձին առթիւ։ Ան Սրբազան Հօրմէն կը խնդրէ ընտրել թուական մը միասնաբար տօնախմբելու Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը, ընդգծելով որ Զատկուայ տօնին թուականը հրատապ հարց մըն է հիւսիսային Ափրիկէի ու Միջին Արեւելքի բոլոր քրիստոնեաներուն համար։ Պատրիարքը 6 մայիսին նամակ մը յանձնած է Եգիպտոսի մօտ առաքելական դեսպան` գերապայծառ Բոլ Կոպելին, որ իր կարգին խնդրած է պատրիարքէն ներկայացուցիչ մը ուղարկել Վատիկան մասնակցելու, յառաջիկայ հոկտեմբերին, ընտանիքի նիւթին մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքներուն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.