50 Տարուան ընդմիջումէ ետք. Հին Նիկոսիոյ Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ
պատարագ մատուցուեցաւ
Կիպրոսի հայոց թեմի առաջնորդարանի Դիմատետրի էջը կը հաղորդէ, որ 1963-էն ետք առաջին անգամ
ըլլալով` Հին Նիկոսիոյ հին հայկական բաժինին մէջ գտնուող Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ
երէկ մատուցուած է պատարագ` ներկայութեամբ այլ համայնքներու եւ կրօններու ներկայացուցիչներու,
ինչպէս նաեւ դիւանագէտներու: Պատարագիչն էր Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ
Վարուժան արք. Հերկելեան: Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս
Մահտեսեան եւ հայկական եկեղեցւոյ յանձնախումբի ատենապետ Սեպուհ Դաւիթեան այս առիթով խօսքեր
արտասանեցին: Ս. Աստուածածին եկեղեցին 1915-1923-ին Հայոց ցեղասպանութենէն փախուստ
տուած հազարաւորներու համար իբրեւ ապաստանարան ծառայած էր: Եկեղեցական համալիրը, որ
շատ վատ վիճակի մէջ կը գտնուէր, 2008-2013-ին վերանորոգուեցաւ ՄԱԿ-ի զարգացման գործակալութեան
եւ Միացեալ Նահանգներու օժանդակութեան գործակալութեան ֆինանսաւորումով` Կիպրոսի մէջ Միացեալ
Նահանգներու դեսպան Ճոն Քէօնիկի նախաձեռնութենէն ետք: