2014-05-11 10:15:29

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը 13 նոր քահանաներ կը ձեռնադրէ ու կը յորդորէ ըլլալ միշտ Քրիստոսի նման ողորմած։


Կիրակի Մայիս 11-ին, Կոչումներու աղօթքի համաշխարհային 51-րդ օրուան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Մայր տաճառին մէջ, առաւօտեան ժամը 9,30-ին հանդիսապետեց քահանայական ձեռնարդութեան արարողութեան որուն ընթացքին քահանայ ձեռնադրեց, 28էն – 42 տարեկան, 13 սարկաւագներ, որոնցմէ 11-ը Հռոմի թեմի պատկանող իսկ միւս երկուքը մէկը Փաքիստանի եւ միւսը Վիեթնամի թեմերուն անդամ։
Հռոմի թեմի 11 սարկաւագներէն 6-ն իտալացի են, իսկ միւս 5-ը Քորէայէն, Էքուատորէն, Վենեզուելլայէն, Չիլէէն եւ Պրազիլէն։
Յայտնենք որ անցեալ տարի եւս` Քահանայապետութեան շրջանի առաջին քահանայական ձեռնադրութեան արարողութիւնը գլխաւորելով, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը 10 նոր քահանաներ ձեռնադրած էր։ Սրբազան Քահանայապետին հետ համապատարագեցին Կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինին` Հռոմի թեմի տեղապահ Արքեսպիսկոպոսը, Հրոմի թեմի օգնական եպիսկոպոսները եւ նորօծեալ քահանաներու մեծաւորներն ու ժողովրդապետերը։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը ուր կը խօսուի Բարի Հովիւի մասին խօսքը կեդրոնացուց արարողութեան եւ շնորհուած կարգի նշանակութեան մասին`Քահանան որ կը դառնայ այլ ոմն Քրիստոս մը ծառայելու համար Աստուծոյ ժողովուրդին եւ Եկղեցւոյ։
Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով թեկնածուներուն շեշտեց Յիսուսի ու Անոր վարդապետութեան հանդէպ հաւատարմութեան անհրաժեշտութիւնը ընդգծելով թէ ձեռնադրութեամբ անոնց իրաւունք կը տրուի գործելու եւ խօսելու Յիսուս Քրիստոսի անունով։ Եղէք ողորմած – ըսաւ Քահանայապետը – որովհետեւ Յիսուս ինքնին ողորմած էր։ Սիրեցէք որովհետեւ Յիսուս սէր է։ Մի վախնաք ողորմածութենէն։
Ան ապա յորդորեց ''Քահանայական'' կեանքը ապրիլ ոչ թէ անձնական հաճոյքի համար այլ միմիայն Աստուծոյ բարեհաճելու համար։ ''Ձեր աչքին առջեւ ունեցէք միշտ Բարի Հովիւը որ չ՛եկաւ ծառայութիւն ընդունելու այլ ծառայելու'' եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։


Մարեմեան Աղօթքը։
Կիրակի 11 Մայիսի կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի մէջ գլխաւորած Քահանայական ձեռնադրութեան արարողութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց ''Ուրախ լեր'' Մարեմեան աղօթքը։ Աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը հակիրճ խորհրդածութիւն մը ներկայացուց քաղուած օրուան սուրբ գրային ընթերցումէն ուր կը խօսուի Բարի Հովիւի մասին, շեշտելով թէ ''Միակ ու իսկական Հովիւը Յարուցեալն է'' ու թէ հարկ է ''ուկնդրել Անոր ձայնը, սնուցանելու համար մեր հաւատքը եւ լուսաւորելու մեր խիղճը''։ Ան ապա հրաւիրեց ներկաները աղօթելու Եկեղեցւոյ բոլոր Հովիւներուն համար որպէսզի կարենան հաւատարիմ մնալ ''Վարդապետին'' ու ըլլան այլ ոմն Քրիստոսներ։ Սրբազան Հայրը ակնարկեց ապա Կոչումներու աղօթքի համաշխարհային 51-րդ օրուան ու հրաւիրեց ներկաները աղօթելու կոչումներուն համար։ Մարեմեան աղօթքին աւարտին Սրբազան Համյրը ողջույնի խօսք ուղղեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող հաւատացեալներուն ու` ''Մայրերու'' տօնին առթիւ, յատուկ աղօթք մը խնդրեց բոլոր Մայրերուն համար զանոնք յանձնելով Յիսուսի Մօր` Մարիամին ու ապա արտասանեց ''Ողջոյն քեզ Մարիամ'' աղօթքը եւ հրաժեշտ առաւ բոլորին մաղթելով բարի Կիրակի։









All the contents on this site are copyrighted ©.