2014-05-10 14:10:56

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ճառը՝ Centesimus Annus Քահանայապետի ի նպաստ հիմնարկի միջազգային գիտաժողովի մասնակիցներուն։


Շաբաթ, 10 մայիսին, յաւարտ Քահանայապետի ի նպաստ Centesimus Annus հիմնարկի միջազգային գիտաժողովին, որ տեղի ունեցաւ այս օրերուն Հռոմի մէջ, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց հիմնարկի եւ միջազգային գիտաժողովի մասնակցող անդամները ու անոնց ուղղած ճառին սկիզբը, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց իրենց գիտաժողովի նիւթ ''զօրակցութիւնը'' ընտրած ըլլալնուն համար եւ ըսաւ. ''Այս ձեւով, մենք յառաջ կը տանինք խորհրդածութեան նիւթ մը որ զուգահեռ կ'ընթանայ Եկեղեցւող վարդապետութեան''։
Ան ապա ակնարկելով ներկայ տնտեսական իրավիճակին եւ անոր յառաջացուցած վատ հետեւանքներուն, ըսաւ` '' Աջակցութիւն բառը ձանձրացուցիչ դարձաւ այս օրերուն։ Տագնապի այս տարիներու ընթացքին, որ վատ հետեւանքներ յառաջացուց բարոյական գետնի վրայ, անհանդուրժելի դարձուց աջակցութիւն եւ աշխատանքի առաջնահերթ բառերը։Ասոր պատճառը կամքի պակասն է իսկապէս ուսումնասիրելու թէ ինչ ձեւով բարոյական արժէքները կրնան դառնալ տնտեսական արժէքներ''։
Արբազան Հայրը ապա մատնանշեց թէ ''գործատէրերու խիղճը էական վայրն է ուր այդ հետազօտութիւնը կարելի է։ Յատկապէս քրիստոնեայ գործատէրը հրաւիրուած է միշտ դիտել իրականութիւնը Աւետարանին հետ բաղդատելով։Եւ Աւետարանը, անորմէ կը խնդրէ, որ անձը, հասարակաց բարիքը՝ առաջնահերթ տեղ գրաւեն։
Նորին Սրբութիւնը ճառի աւարտին, հիմնարկի անդամներուն ըսաւ`
Սիրելի բարեկամներ, այս ձեր վկայութեան վայրն է։ Դուք, Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ օգնութեամբ, կրնաք գործնական վկայութիւն տալ , որովհետեւ միայն բառեր, խօսքեր, չէք արտասաներ այլ՝ ձեր հետ կը տանիք, անձերու եւ գործարաններու փորձառութիւններու, որոնք կը ջանան գործադրել քրիտոնեայ բարոյական սկզունքները ժամանակակից աշխատանքի աշխարհին։ Ձեզ կը քաջալերեմ այս վկայութիւնը յառաջ տանիլ հաւատքով, ժամանակ յատկացնելով աղօթքին, որովհետեւ նոնյիսկ աշխարհական մը աղօթքի կարիքը ունի։
Թող Տիրամայրը ձեր հետ ըլլայ եւ Մայրական բարի խորհուրդներ շնորհէ ձեզի։







All the contents on this site are copyrighted ©.