Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 1945-ին Նացիներուն դէմ Խորհրդային Միութեան արձանագրած
յաղթանակի տօնին առիթով այցելեց Խրիմ: Նախքան Խրիմ այցելելը, ան Մոսկուայի Կարմիր
հրապարակին վրայ տեղի ունեցած տօնակատարութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց,
որ Մայիս 9-ը Ռուսիոյ մէջ «թախիծի եւ յաւիտենական յիշողութեան օր» մըն է` շեշտելով, որ
«խորհրդային ժողովուրդի երկաթեայ կամքը» Եւրոպան ստրկութենէ փրկեց: Ռուսական պետական
պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ Կարմիր հրապարակին վրայ տեղի ունեցած տողանցքը վերջին
20 տարուան ընթացքին մեծագոյնն էր: Յիշեցնենք, որ արեւելեան եւ հարաւային Ուքրանիոյ
մէջ ռուսամէտներ յայտարարեցին, որ Ուքրանիայէն անջատման շուրջ վաղը նախատեսուած հանրաքուէն
ի զօրու կը մնայ: Փութին վերջերս անոնց կոչ ուղղած էր երկխօսութեան առիթ ընծայելու համար
հանրաքուէն յետաձգելու: Մինչ այդ, Մարիուփոլի մէջ ուքրանական բանակին եւ ռուսամէտ
զինեալներու միջեւ փոխադարձ հրացանաձգութեան մը պատճառով զոհեր արձանագրուեցան: