2014-05-10 10:39:04

Կիրակի օրուայ Աւետարանի ընթերցում, Յովհ 5, 19-30


RealAudioMP3 19 Իսկ Յիսուս ըսաւ անոնց. “Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Որդին ինքնիրմէ ոչինչ կրնայ ընել, հապա միայն ինչ որ տեսնէ` որ Հայրը կ'ընէ. որովհետեւ ինչ որ ա՛ն կ'ընէ, նմանապէս Որդի՛ն ալ կ'ընէ այդ բաները”:
20 Քանի որ Հայրը կը սիրէ Որդին, եւ ամէն բան ցոյց կու տայ անոր` ինչ որ ինք կ'ընէ: Ասոնցմէ աւելի մեծ գործեր ալ ցոյց պիտի տայ անոր, որպէսզի դուք զարմանաք.
21 որովհետեւ ինչպէս Հայրը մեռելները կը յարուցանէ եւ կեանք կու տայ, նոյնպէս ալ Որդին կեանք կու տայ` անոնց որ ուզէ:
22 Քանի որ Հայրը ո՛չ մէկը կը դատէ, հապա ամէն դատաստան Որդիին տուաւ.
23 որպէսզի բոլորը պատուեն Որդին, ինչպէս կը պատուեն Հայրը: Ա՛ն որ չի պատուեր Որդին, չի պատուեր Հա՛յրը` որ ղրկեց զայն:
24 Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ա՛ն որ մտիկ կ'ընէ իմ խօսքս, ու կը հաւատայ անոր` որ ղրկեց զիս, ունի յաւիտենական կեանքը, եւ չ'իյնար *դատապարտութեան տակ, հապա անցած է մահէն դէպի կեանք”:
25 Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ժամը պիտի գայ ու հիմա ալ է, երբ մեռելնե՛րը պիտի լսեն Աստուծոյ Որդիին ձայնը. եւ անոնք որ կը լսեն` պիտի ապրին”:
26 Որովհետեւ ինչպէս Հայրը ինքնիր մէջ կեանք ունի, այնպէս ալ Որդիին տուաւ` որ ինքնիր մէջ կեանք ունենայ.
27 նաեւ անոր տուաւ դատաստան կիրարկելու իշխանութիւն, քանի որ ան մարդու Որդին է:
28 Մի՛ զարմանաք ասոր վրայ. որովհետեւ ժամը պիտի գայ` երբ բոլոր գերեզմաններու մէջ եղողները պիտի լսեն անոր ձայնը,
29 ու դուրս պիտի գան. անոնք որ բարիք գործեր են` կեանքի յարութեան համար, եւ անոնք որ չարիք գործեր են` *դատապարտութեան յարութեան համար”:
30 “Ես ինձմէ ոչինչ կրնամ ընել. ինչպէս կը լսեմ` [այնպէս] կը դատեմ, եւ իմ դատաստանս արդար է. որովհետեւ ո՛չ թէ իմ կամքս կը փնտռեմ, հապա *անոր կամքը` որ ղրկեց զիս:







All the contents on this site are copyrighted ©.