Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարի միջնորդութիւնը Վենեզուելլայի քաղաքական տագնապին` խաղաղութիւնը
կը պահանջէ համբերութիւն եւ քաջութիւն։
Ս. Աթոռի Պետական Քարուղարը` Կարտինալ Փարոլին, մայիս 12 -18 2014 Վենեզուելլա պիտի գտնուի
միջնորդի դերը կատարելու երկրին մէջ տիրող քաղաքական անել տագնապին։
Յայտնենք
որ Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարը առաքելական դեսպանի պաշտօնով ծառայած է Վենեզուելլայի
մէջ եւ հաշտարարի գործօն դեր մը ունեցած է նախագահ Մատուրոյի եւ անոր հակարակորդ կուսակցութիւններու
միջեւ, աշխատելով լուծում գտնել քաղաքական լարուածութիւններուն։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը
անցեալ 10 ապրիլ 2014-ին, նամակ մը ուղղած է կառավարութեան ու հակարակորդ կուսակցութիւններուն,
հրաւիրելով զանոնք գործելու երկրին խաղաղութեան ի շահ։Սրբազան Քահանայապետը ընդգծած
է որ խաղաղութիւնը կը պահանջէ համբերութիւն եւ քաջութիւն։