2014-05-09 11:29:54

Միասնական կոչ՝ Սուրիոյ խաղաղութեան ի նպաստ Թորինոյի 26-րդ գիրքի տօնավաճառքի ընթացքին


Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդը եւ Իտալական Քարիթասը միասնաբար կը շարունակեն իրենց օժանդակութիւնը ի նպաստ Սուրիոյ խաղաղութեան եւ սուրիացիներու հոգատարութեան։
8-էն 12 մայիս, Իտալիոյ Թորինօ քաղաքին մէջ, տեղի ունեցած գիրքի 26-րդ տօնավաճառքի ընթացքին, վերոյիշեալ երկու եկեղեցական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւնները, պատկերաասփռուած միասնական պատգամ մը յղած են ի նպաստ Սուրիոյ ընտանիքներուն եւ երկրին խաղաղութեան, հրաւիրելով պայքարի մէջ գտնուող երկու կողմերը երկխօսութեան եւ արեւանգուածներու ազատ արձակումին։
Իտալական Քարիթաս կազմակերպութեան պատկերասփռուած պատգամին մէջ յայտնած է, թէ հակառակ բոլոր մեծ դժուարութիւններուն որոնք կը փխին ներքին բախումներէն կը շարունակեն իրենց բարեսիրական գործունէութիւնը ի սպաս Սուրիոյ ժողովուրդին։







All the contents on this site are copyrighted ©.