2014-05-09 09:48:08

Եւթոպիայի եւ Էրիթրէայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


8 – 10 Մայիս 2014, Վատիկան կը ժամանեն, Եւթոպիայի եւ Էրիթրէայի եպիսկոպոսները, իերնց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Եւթոպիայի ժողովրդավար դաշնակցային հանրապետութիւնը ունի 1.064.063 քմ քառակուսի տարածք եւ 86.613.986 բնակչութիւն, որուն մեծամասնութիւնը Քրիստոնեայ Օրթոտոքս կրօնի կը պատկանին, մինչ բնակչութեան 33.9 տոկոսը մահմետական են։ Կաթողիկէները կը կազմեն երկրի բնակչութեան 0.2 առ հարիւրը։
Էրիթրէան ունի 121.100 քմ քառակուսի տարածք եւ 5.580 բնակչութիւն, որուն մեծամասնութիւնը մահմետական են։ Օրթոտոքսները կը ներկայացնեն բնակչութեան 40 առ հարիւրը­ մինչ կաթողիկէները 3.5 առ հարիւրը։
Եւթոպիայի եւ Էրիթրէայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահն է Ատիս Ապէպայի Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Սուրաֆիէլ։ Եւթոպիայի եւ Էրիթրէայի կաթողիկէ եկեղեցին ունի 16 եկեղեցական նահանգ` ութը Եւթոպական ծէսի պատկանող իսկ 9 լատինական ծէսի։
Սուրբ Աթոռի եւ Եւթոպիայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները սկիզբ առած են 1957 մինչ 1995ին Սուրբ Աթոռը դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է նաեւ Էրիթրէայի հետ.
Եւթոպիոյ մէջ Քրիստոնէութիւնը մուտք գործեց առաքեալներու առաջին քարոզութեան շրջանին։ Աւանդութեան համաձայն սակայն Եկեղեցին հիմնուած ու կազմակերպուած է չորրորդ դարու սկիզբը ` Էտեսիօ Եւ Ֆրումենցիօ անունով երկու աշխրահական առաքեալներու կողմէ։ Ֆրումենցիօ ապա ստացաւ Եպիսկոպոսական օծում ու իր մահէն ետք դարձաւ Եւթոպիայի պաշտպան սուրբը։
Եւթոպիայի կաթողիկէներու թիւը ըստ 2011 տուաելներուն` 228 հազար է, մինչ Էրիթրէայի կաթողիկէներու թիւը կը հասնի 191 հազարի։ Ըստ վերջին ժողովրդագրական հետազօտութիւններու, շրջանի Քրիստոնեայ հասարակութիւնը, այս դարու կէսին կրնայ դառնալ աշխարհի ամենամեծ քրիստոնեայ հասարակութիւն, ի տես ծննդաբերութիւններու բարձր թիւին, նկատի առնելով թէ 1975 բնակչութեան թիւը 33 միլիոն էր իսկ այժմ կը գերազանցէ 86 միլիոնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.