2014-05-08 15:25:55

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 8 մայիսի քարոզը՝ ''հնազանդութիւն, երկխօսութիւն ու շնորհք''։


Հինգշաբթի, 8 մայիսի առաւօտուն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, ներշնչուելով Գործք առաքելոցի օրուան ընթերցումէն, ուր՝ Առաքեալը կը նկարագրէ Սուրբ Փիլիպպոսի հնազանդութիւնը՝ Հրեշտակի խօսքին, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, տիպար քրիստոնեայի մը՝ երեք յատկութիւնները.
Հնազանդութիւն՝ Սուրբ Հոգիին, երկխօսութիւն, ապա վստահութիւն Շնորհքին վրայ։
Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով աւետարանացումին ըսաւ, ''աւետարանելու համար անհրաժեշտ է հնազանդիլ եւ ընել այն ինչ որ Աստուած կը խնդրէ մեզմէ, դիմել երկխօսութեան եւ ապաւինիլ շնորհքին։
Քարոզի աւարտին, Սրբազան Հայրը մատնանշեց, թէ ''յաճախ եկեղեցւոյ մէջ, գործատուներու կը նմանինք, որոնք արգելքներ կը կառուցեն հաւատացեալներու դիմաց, որպէսզի, շնորհքը՝ չհասնի անոնց''։ ''Խնդրենք Տիրոջմէ որ այս մէկը հասկնանք'' եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։







All the contents on this site are copyrighted ©.