2014-05-08 12:18:27

Մեսրոպեան վարժարանին մէջ մամլոյ լսարան՝ «Համացանցին մէջ Արցախեան հիմնահարցը` հայկական եւ ազրպէյճանական դիտանկիւններէն»


Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին եւ գործակցութեամբ «Ազդակ», «Արարատ» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերուն,Չորեքշաբթի, 7 Մայիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ լսարան, որուն նիւթն էր «Համացանցին մէջ Արցախեան հիմնահարցը` հայկական եւ ազրպէյճանական դիտանկիւններէն»: Զեկուցումը ներկայացուց Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան:
Լսարանի զրուցավարն էր «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիրներէն պրն. Վահրամ Էմմիեան, որ նշեց, թէ 1994-ի զինադադարէն ետք, քարոզչական պատերազմը անթուլ կերպով կը շարունակուի, եւ այս պատերազմին մէջ կ’օգտագործուին տարատեսակ եւ տարբեր որակի զէնքեր, տեղեկատուութիւն, ապատեղեկատուութիւն եւ մինչեւ իսկ հակառակորդին կայքերուն դէմ համացանցահենային յարձակումներ։
Պրն. Էմմիեան ըսաւ, որ այն կարծիքը գոյութիւն ունի, որ սուտ մը եթէ շարունակ կրկնուի կը սկսի առնուազն մասամբ համոզիչ դառնալ, թերեւս մինչեւ իսկ զայն հնարողին, որ մանուկի մը պէս կրնայ սկսիլ հաւատալ իր իսկ տարածած սուտին, սակայն հայկական կողմէն հնչող ճշմարտութեան ապտակը անկասկած, որ սթափեցնող ազդեցութիւն կ’ունենայ, պայմանաւ, որ անիկա աշխուժ եւ կռուախնձոր եղող թիրախին պատշաճող ըլլայ։
Ապա խօսք առաւ օրուան զեկուցաբեր դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան, որ ներկայացուց հայկական եւ ազրպէյճանական պետական, լրատուական եւ տեղեկատուական կայքերը: Դոկտ. Յովհաննիսեան շեշտեց, թէ ազրպէյճանական կայքերուն մէջ մնայուն կերպով ներկայութիւն է կեղծ ջարդերու պատկերներու նկարները, իսկ այդ կայքերուն մէջ հայալեզու տարբերակներու մեծաթիւ ներկայութեան նպատակը սփիւռքը շփոթի մատնելն է: Իսկ օտար լեզուներու ներկայութիւնը կը միտի իւրաքանչիւրը յատուկ շրջանակի համար ստեղծել միջազգային ընտանիքին մօտ այն մտածողութիւնը, թէ հայերը ահաբեկիչներ են ու իրենք այսպէս կոչուած ջարդ կատարած են Խոջալուի մէջ:
Դոկտ. Յովհաննիսեան յայտնեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ 31 Մարտի ճշդումը, իբրեւ հայերու կողմէ այսպէս կոչուած ջարդերու թուական, պատասխան-հակազդեցութիւնն է Հայոց ցեղասպանութեան, եւ այս առնչութեամբ ազրպէյճանական կողմը լուրջ կերպով փորձ կը կատարէ այս դէպքը ներկայացնելու որպէս տարածաշրջանի մեծագոյն խնդիր:
Անդրադառնալով Արցախեան հիմնահարցի գծով Հայաստանի պետական կայքերուն, զեկուցաբերը հաստատեց, թէ պաշտօնական կայքերուն միջեւ յստակ համակարգում կայ, ինչ որ դրական է:
Թրքական գործօնին մասին, դոկտ. Յովհաննիսեան ըսաւ, որ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը այս բոլոր կայքերուն մէջ ակներեւ է, ճիշդ է որ պաշտօնապէս ներկայ չէ, բայց մնայուն կերպով կը հետեւի, մասնագէտներ ու այլ միջոցներ մնայուն կերպով կը տրամադրէ, որովհետեւ նոյնինքն խնդիրը ի սպաս կը ծառայէ Թուրքիոյ շահերուն:
Ապա զեկուցաբերը ներկայացուց այսպէս կոչուած Խոջալուի ջարդին մասին կայքերու նկարներու եւ տեղեկութիւններու սխալները, որոնք բացայայտուած են եւ հայկական կայքերուն մէջ տեղ գտած են, շնորհիւ կազմակերպուած հետազօտական աշխատանքներու: Դոկտ. Յովհաննիսեան աւելցուց, որ հայկական մամուլին մէջ ազրպէյճանական կողմի նպաստող յայտարարութիւնները արագօրէն լոյս կը տեսնեն հայերէն ազրպէյճանական կայքերու էջերուն մէջ:
Մամլոյ լսարանի աւարտին, ներկաներուն տրուեցաւ հարցումներու առիթ:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ







All the contents on this site are copyrighted ©.