2014-05-08 09:51:55

Երեւանի Պետական Համալսարան - Հ. Կ. Մեսրոպեան վարժարան համաձայնագիրի փոխանակում


Երեքշաբթի, 6 մայիս 2014-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի «Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Երեւանի Պետական Համալասարան-Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան համաձայնագիրի փոխանակման պաշտօնական արարողութիւնը, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան պրն. Աշոտ Քոչարեանի, հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ գերյարգելի Հայր Գէորգ ծ. վ. Եղիայեանի. Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն դոկտ. Մհեր Յովհաննէսեանի, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստի եւ կրթական պատասխանատուներու ու ուսուցիչներու:

Արարողութեան առաջին խօսքը արտասանեց Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ օրը պատմական է, որովհետեւ պաշտօնապէս կը սկսի Երեւանի Պետական Համալսարան- Մեսրոպեան վարժարան գործակցութիւնը, որուն մեկնակէտն է փորձառութիւններու եւ տեղեկութիւններու փոխանակումը, հայագիտական դասանիւթերու ուսուցիչներու վերապատրաստումը, աշակերտներու յատուկ մրցոյթներու կազմակերպումն ու անոնց հայրենիքի մէջ ծրագիրներու իրականացումը, կրթադաստիարակչական ծրագիրներու բիւրեղացումը, ԵՊՀ-ի գործունէութեան ծանօթացումն եւ հայրենիքին մէջ ուսանելու կարելիութիւններու սերտողութիւնը:

Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց ԵՊՀ ռեկտոր փրոֆ. Արամ Սիմոնեանին, դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանին, դեսպան Աշոտ Քոչարեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:
Պրն. Գալուստ ըսաւ. «Մենք կը խոստանանք, որ այս համաձայնագիրը պարզապէս սկիզբ պիտի հանդիսանայ մեր իրերայաջորդ իրագործումներուն, եւ մենք մեր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ պիտի դնենք իրականացնելու համար մեր նպատակները` յանուն գալիք սերունդներու առողջ հայեցի դաստիարակութեան»:

Ապա խօսք առաւ դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան, որ յայտնեց, թէ համաձայնագիրով պէտք է Մեսրոպեանին Երեւանի Պետական համալսարանը ապահովէ համալսարանի հրատարակութիւնները, ինչպէա նաեւ պէտք է ձգտինք, որ Մեսրոպեանը դառնայ այն դարբնոցներէն մէկը, որ համալսարանին հետ գործակցաբար մատակարարէ ապագայ հայերէնի ու հայոց պատմութեան ուսուցիչներ: Դոկտ. Յովհաննիսեան հաստատեց, որ համաձայնագիրի պատրաստութեան աշխատանքը կատարուեցաւ շատ բծախնդիր եւ կազմակերպուած ձեւով: Ան յայտնեց, որ Երեւանի Պետական Համալսարանը կը միտի սփիւռքեան կրթօճախներու կրթական կառոյցներուն մէջ հայապահպանման նպաստող դասանիւթերուն շուրջ յառաջացնել բարելաւում:

Զոյգ խօսքերէն ետք, երկու կողմերը կատարեցին համաձայնագիրի փոխանակումը, որմէ ետք Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրկէուար Գալուստ 75-ամեակի յուշանուէրը յանձնեց Երեւանի Պետական համալսարանի ներկայացուցիչին` դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանին:

Այս առիթով, իր շնորհաւորական ուղերձը փոխանցեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան պրն. Աշոտ Քոչարեան, որ նշեց, թէ այս համաձայնագիրը ունի նաեւ խորհրդանշական բնոյթ, որովհետեւ Երեւանի Պետական Համալսարանը առաջին անգամ ըլլալով կը ստորագրէ համաձայնագիր սփիւռքի կրթօճախի հետ: Դեսպանը նշեց, որ համաձայնագիրը կարեւոր հիմք է հետագայ արգասաբեր փոխգործակցութեան, հեռանկարային ծրագիրներու իրականացման: Ան մեծապէս գնահատեց ԵՊՀ եւ Մեսրոպեան վարժարանի կատարած մեծ աշխատանքը եւ յոյս յայտնեց, որ նոր յաջողութիւններ կ՛արձանագրուին ապագային:

Իսկ Գերյարգելի Հայր Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեան ըսաւ, որ Մեսրոպեան վարժարանը վերջին 20 տարիներուն արձանագրեց մեծ նուաճումներ կրթական եւ ազգային մակարդակներու վրայ, եւ այդ յաջողութիւններուն նորագոյնը այս համաձայնագիրն է: Հայր Եղիայեան յոյս յայտնեց, որ շարունակուի գործակցութիւնը եւ ճառագայթէ սփիւռքեան միջավայրին մէջ` դառնալով դրական եւ քաջալերական օրինակ:

Համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս պատրիարքին հետ եւ ստացաւ Հոգեւոր Տիրոջ օրհնութիւնն ու շնորհաւորութիւնները:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ







All the contents on this site are copyrighted ©.