2014-05-07 13:22:46

Պէյրութի մէջ Իսլամացած հայերու մասին զրոյց


Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի մշակութային յանձնախումբը 29 ապրիլ 2014-ին Էհրամճեան կեդրոնին մէջ կազմակերպած էր բազմաձայն զրոյց մը նուիրուած Թուրքիոյ տարածքին ապրող ծպտեալ կամ իսլամացած հայերու մասին:
Զրուցատուրներն էին՝ գերաշնորհ տէր Գեղամ արք. Խաչերեան, գերյարգելի հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեան, եւ պատուելի Սեպուհ Թերզեան, իսկ զրուցավարն էր՝ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան:
Զրոյցի ընթացքին քննարկումներ տեղի ունեցան Հայոց Մեծ Եղեռնի, Ցեղասպանութեան ճանաչման, Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան մասին: Զրոյցի երկրորդ բաժինը բռնի իսլամացած հայերու մասին էր, որոնք կ'ապրին Թուրքիոյ տարածքին: Իսլամացած հայերէն ոմանք կը վկայեն իրենց հայու ծագման մասին եւ պատրաստ են բացայայտելու այդ մասին հրապարակաւ, իսկ ոմանք տարբեր պատճառներէ դրդուած կը մերժեն նոյնիսկ ակնարկել այդ մասին եւ կը շարունակեն գաղտնի պահել իրենց ինքնութիւնը: Աւարտին զրուցատուրները առաջարկեցին բարձր պահել ազգային գիտակցութիւնը, միասնական գործակցութեամբ աշխատանք տանիլ հայ դատի եւ պահանջատիրութեան ուղղութեամբ եւ վերջապէս աշխատիլ հայութեան «ծպտեալ հայեր» կոչուած հատուածը իրենց արմատներուն վերադարձնելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.