2014-05-07 13:26:01

Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, ընդունեց Երեւանի Պետական համալսարանի փոխ տնօրէնը։


Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, երեքշաբթի 6 մայիս 2014 երեկոյեան ժամը 6-ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Երեւանի Պետական համալսարանի փոխ տնօրէն՝ Մհեր Յովհաննիսեանը: Հանդիպումին ներկայ էին Հ.Հ. դեսպանութեան Ա. քարտուղար՝ պր. Վարդան Ադամեան, հայ կաթողիկէ դպրոցներու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ՝ գերյարգելի հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեան, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի տնօրէն՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն՝ պր. Կրէկուար Գալուստ եւ Մեսրոպեան վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու եւ հայագիտական բաժնի պատասխանատու՝ պր. Ռաֆֆի Տէմիրճեան:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի հայ կրթական համակարգերուն մէջ հայագիտական նիւթերու առաջատար իրականացման եւ ընդլայնման ծրագրի նիւթեր, ի մասնաւորի հայոց պատմութեան դասաւանդման մեթոտաբանութեան հետ կապուած հարցերը, համապատասխան պատմութեան դասագիրքի եւ յառաջիկային այս ուղղութեամբ առնուելիք քայլերը:

Պր. Մհեր Յովհաննիսեան Լիբանան ժամանած է Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի հրաւէրով Երեւանի Պետական համալսարանի եւ Մեսրոպեանի միջեւ համագործակցութեան պայմանագիր մը կնքելու: Հարկ է յիշել նաեւ, որ Մհեր Յովհաննէսեանը սկիզբ տուած է կայքին, ինչպէս նաեւ հիմնադիրն է եւ ռահվիրան Հ.Հ. Երեւանի Պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու ցեղասպանագիտութեան մագիստրոսական ծրագիրին:

Հանդիպումի աւարտին Հոգեւոր Տէրը ջերմօրէն ողջունեց եւ բարձր գնահատեց կրթութեան բնագաւառին մէջ Երեւանի Պետական համալսարանին եւ հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին միջեւ կրթական համագործակցութիւնը, մաղթելով որ սփիւռքի բոլոր հայկական կրթական հաստատութիւնները հետեւին այս օրինակին:








All the contents on this site are copyrighted ©.