2014-05-07 09:47:37

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Ամէն արարածները ունին իրենց ինքնապաշտպանութեան միջոցները
Կենդանիներու ստեղծումի ընթացքին Արարիչը անոնցմէ իւրաքանչիւրին ինքնապաշտպանութեան միջոց տուած է: Նոյնիսկ ամէնէն բարի ու խեղճ նկատուող ոչխարը, որ առանց հովիւի դժուար է պատկերացնել բնութեան մէջ, իրեն յատուկ ինքնապաշտպանութեան միջոց իբրեւ կոտոշներ ունի գլխուն վրայ: Տեսնուած է, որ նոյնիսկ իրմէ աւելի զօրաւոր կենդանիներու դէմ կը գործածէ երբեմն զանոնք ոչխարը, ոյժի անհաւասար մարտ մղելով բնազդաբար: Այդ կը նշանակէ, թէ Աստուածապարգեւ այդ զէնքները օգտագործելու ամբողջական իրաւասութիւնը ունի անիկա, ի պահանջել հարկին:
Հարցասէր մանուկ մը հարց կու տայ թէ. ՜՜ Ինչո՞ւ էշը կոտոշ չունի՝՝:
Այս հարցումին կարելի է պատասխանել արդի մանկավարժութեան յատուկ մեթոտներով։ Նախ թուել ՜՜ Հանրայայտ կենդանիին ընտանութեան ու նաեւ այլ բարեմասնութիւնները. անոր համբերատարութիւնը, խոնարհութիւնը, ծառայասիրութիւնը, լռութիւնը եւայլն: Իսկապէս ալ մեծ առաւելութիւններ են ասոնք, եթէ մարդկային կեանքին վրայ կարելի ըլլայ տարածել նոյն օրինակը: Ո՞վ չի սիրեր խոնարհ մարդը կամ ծառայասէր ու լռութեամբ աշխատող ընկերը: Իսկ համբերատարութիւնը այսօրուան կեանքին համար ամէնէն շատ փնտռուած առաքինութիւններէն մէկն է: Մանաւանդ տառապանքի ու դժուարութիւններու մէջ, անարգանքի ու ձաղկումի դիմաց համբերատարութեան ոգին ամէնէն մեծ հարստութիւնը պէտք է նկատել: Ատիկա դրամով կամ այլ հարստութիւններով փոխարինել կարելի չէ: Համբերատարութիւնը աստուածային կարողութիւն է նոյնիսկ, որ կրնայ պարտութեան մատնել ամէնէն աւելի յարձակողապաշտ ոգիով թշնամին:
Յիսուս , բոլոր կենդանիներուն մէջէն, էշն ու իր աւանակը ընտրեց ու անոր վրայ նստաւ Երուսաղէմ յաղթական մուտքի առիթով, համեստութիւն արտայայտելու համար:
Այո՛, էշը կոտոշ չունի: Հապա եթէ ունենա՜ր…
Առակագիրներու օրինակներուն մէջ կենդանիները միշտ մարդոց խորհրդանիշները իբրեւ ներկայացուած են: Ուրեմն, այս պարագային էշը կը խորհրդանշէ մարդկային ընկերութեան կեանքին մէջ որոշ դասակարգ, որ կը յատկանշուի անոր բնազդային գիծերով:
Շատ տարօրինակ է, որ այս կենդանիին օրինակ ծառայելը միշտ բացասական գիծերով նկատի կ՛առնուի, մոռնալով անոր բազմաթիւ դրական կողմերը: Իշուն կոտոշ չունենալը դրական է այսինքն ՜՜եթէ այդ կենդանին իր կամեցած ձեւով օգտագործէր այդ կոտոշները, կրնար աղէտ դառնալ աշխարհի մէջ:
Գազանները իրենց յօշոտելու բնազդով գիտեն յարձակման ժամանակը, ամենայն զգուշաւորութեամբ որսի կը ձեռնարկեն ու կուշտ եղած ատեն ամբողջութեամբ անվնաս կը կենան իրենց տեղը: Սա որոշ «խելացութիւն» կու տայ անոնց, եւ կարծէք բնազդէն դուրս՝ իմաստութիւն իբրեւ կ՛արձանագրուի: Մինչդեռ էշը ծանօթ «անխելքութեամբ», տեղի անտեղի պիտի օգտագործէր իր կոտոշները, ու հազիւ իր ոյժի մասին նուազագոյն գովասանքը լսած՝ պիտի յարձակէր ասոր անոր վրայ՝ պարզապէս ցոյց տալու իր «քաջագործութիւնը»:
Կեանքն ալ լեցուն է այսպիսի «քաջագործներով»: Զուր տեղը չէ՛ որ Աստուած զրկած է մարդոցմէ ոմանք յաւելեալ ոյժէ: Ոմանք դրամ ունին՝ խելք չունին: Ուրիշներ խելք ունին՝ դրամ չունին: Շատ քիչ անգամ ասոնք միազանգուած ձեւով կարելի է տեսնել նոյն անձին մէջ: Ոմանք բազուկի ոյժ ունին, սակայն ուրիշներու խելքով կը գործածեն զայն, երբեմն վնասակար տարր դառնալով, երբեմն շինարար, նայած թէ ի՞նչ ուղղութիւն կու տայ զիրենք շահագործող անձը: Ոմանք ալ դրամ ունին, սակայն ուրիշներ իրենց համար գործունէութեան ճամբայ կը գծեն, որովհետեւ իրենք զրկուած են այդ հարստութիւնը օգտագործելու իմաստութենէն: Այս պարագային եւս կրնայ դրական կամ աղէտաբեր հետեւանքներ ունենալ այդ հարստութեան շահագործումը:
Իշուն կոտոշ չունենալը ուրեմն տիեզերական բարիք է, Արարիչին կողմէ յատուկ կերպով կանխատեսուած: Մարդոց իրարմէ տարբերողը միայն անոնց մորթի գոյնը կամ ցեղային իւրայատկութիւնը չէ՛ ուրեմն, այլ նաեւ կոտոշ ունենալու կամ չունենալու երեւոյթը…
Առանց կոտոշի եթէ վերոյիշեալ կենդանին կրնայ ապրիլ ու նոյնիսկ անվնաս ըլլալ իր շրջապատին մէջ, եւ ժխտական ըլլալու փոխարէն՝ դրական, ուրեմն մարդիկ եւս կրնան նոյն օրինակով ըլլալ շինարար, բարի, հաւատարիմ, ծառայասէր ու խոնարհ: Պայման չէ՛ որ անոնք անպայման «կոտոշ» ունենան, այսինքն տարբեր ոյժով մը յատկանշուին ու աղէտ դառնան…







All the contents on this site are copyrighted ©.