2014-05-06 09:24:10

Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ վերաբացումէն ետք Վանի մէջ զբօսաշրջիկներու թիւը կրկնապատկուած է


Վանի Աղթամար կղզիին մէջ զբօսաշրջիկներու թիւը աւելցած է: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով «Ակօս» շաբաթաթերթի կայքը:
Յատկապէս Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ վերաբացումէն ետք Վանի մէջ զբօսաշրջիկներու թիւը ցուցանիշներ արձանագրած է: 2010-ին (վերակառուցումէն ետք) առաջին անգամ տեղի ունեցած պատարագէն ետք, 2011, 2012 եւ 2013թթ.-ուն կազմակերպուած պատարագներուն ամէն անգամ աւելի մեծ թիւով մարդիկ մասնակցած են:
Յաջորդ` հինգերորդ պատարագը տեղի պիտի ունենայ այս տարուան Սեպտեմբերին, եւ աշխատանքները արդէն սկսած են` աւելի մեծ թիւով այցելուներ ընդունելու համար:
Վանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան տուեալներով` 2009-ին Աղթամար այցելած է 34.000, իսկ արդէն 2013-ին` 71.000 զբօսաշրջիկ:
Պաշտօնեաները կը նշեն, որ Վանի բնակիչները գոհ են այդ փոփոխութենէն:
«Վերակառուցման սպասող այլ եկեղեցիներ ունինք, սակայն պիւտճէն բաւարար չէ, իսկ վերակառուցումը սուղ գործ է»,- ըսած է վարչութեան ղեկավար Մուզաֆֆեր Աքթուղը:







All the contents on this site are copyrighted ©.