2014-05-06 12:31:51

Յատուկ աղօթք մը ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ս. Երկիր այցելութեան առթիւ։


Յորդանանի կաթողիկէ եկեղեցին յօրինած է յատուկ աղօթք մը ի պատրաստութիւն ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ս. Երկրի այցելութեան (24-26 մայիս)։ Աղօթքը համամիութենական բնոյթ ունի, քանի ուխտագնացութեան նպատական է վերակոչել Պօղոս Զ եւ Աթենակորաս Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքի միջեւ Երուսաղէմի մէջ կայացած պատմական հանդիպումին 50-րդ տարեդարձը։
Աղօթքը հետեւեալ բառերով կը սկսի. ''Երկնաւոր Հայր, Դուն չես յոգնիր ըլլալէ սիրազեղ եւ ողորմած։ Ս. Պետրոսի յաջորդը կը մտի ուխտագնացութիւն կատարել Ս. Երկրին` Յիսուսի ծննդավայրը, հոն ուր քու Միածին Որդիդ քարոզեց, մեռաւ ու երրորդ օրը Յարութիւն առաւ։ Անոր հետը եղիր, սրբացուր եւ օրհնէ զայն։ Հովանաւորէ անոր ուխտագնացութիւնը մեր մէջ, որպէսզի ամէն ոք կարողանայ տեսնել իր անձին մէջ նուիրեալ ուխտաւոր մը, իմաստուն վարդապետ մը եւ հեզ առաջնորդ մը''։ Յորդանանի եկեղեցին, հաւատացեալներէն կը խնդրէ, որ ամէն օր այս աղօթքը արտասանեն մինչեւ Սրբազան Հօր Ամման գալուստը։ Ս. Երկրի հաւատացեալներու սոյն աղօթքին նպատակն է, ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ուխտագնացութիւնը յաջողութեամբ պսակուի եւ արդիւնաբեր ըլլայ աշխարհի քրիստոնեայ աշխարհին համար։ Այս նախաձեռնութեամբ Ս. Երկրի հաւատացեալները ամենայն պարզութեամբ կը պատարստուին ընդունելու Սրբազան Հայրը իրենց հողին վրայ։ Այս աղօթքը ունի որպէս դիտաւորութիւն սատարել Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ու արդարութեան հաստատումին ու քոյր եկեղեցիներու հետ կապերու սերտացումին։
Նշենք թէ Սուրբ Երկիր կեցութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի հանդիպի Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարք Բարթողոմէոս Ա-ին վերյիշելու համար իրենց նախորդներուն պատմական հանդիպումը։







All the contents on this site are copyrighted ©.