2014-05-06 09:23:59

Հայաստանէն արտագաղթողներու թիւը առաջին եռամսեակին կրճատուած է


Ռուսաստանի մէջ գաղթականութեան քաղաքականութեան խստացումը կրճատած է Հայաստանէն արտագաղթողներուն թիւը: Այս մասին կը հաղորդէ civilnet.am-ը:
Ռուսաստանի մէջ գաղթականութեան օրէնսդրութեան խստացումը անդրադարձած է Հայաստանէն արտագաղթի ընթացքին վրայ: Այս տարուան առաջին եռամսեակին Հայաստանէն մեկնածներուն թիւը կրճատուած է 14,2%-ով:
Համաձայն Ազգային վիճակագրական ծառայութեան (ԱՎԾ) միջազգային սահմանահատումներուն վերաբերեալ տուեալներուն` 2014թ. առաջին եռամսեակին միջազգային ուղեւորահոսքերու բացասական մնացորդը (հանրապետութենէն մեկնողներու թիւի գերազանցումը ժամանողներու թիւին) կազմած է 31,8 հազար մարդ, որուն 28,5 հազարը` ՀՀ քաղաքացիներ: Համեմատութեան համար` 2013թ. առաջին եռամսեակին մեկնողներուն թիւը ժամանողները գերազանցած էր 37 հազարով: Փաստացի, այս տարի Հայաստանը լքած քաղաքացիներուն թիւը 2013թ. առաջին եռամսեակին համեմատ պակաս է 5,3 հազարով կամ 14,2%-ով:
Գաղթականութեան բացասական հաշուեկշիռի կրճատումը կապուած է քանի մը առարկայական գործօնով: Իբրեւ կանոն՝ տարուան առաջին ամիսներուն Հայաստանէն մեկնողներու զգալի մասը արտագնայ աշխատանք որոնողներն են, որուն մասին կը վկայէ այն, որ բացասական հաշուեկշիռի 75%-ը բաժին հասած է օդային փոխադրամիջոցին:
Արտագնայ աշխատանքի մեկնողներու հիմնական մասը կ’ուղղուի Ռուսաստան, ուր 2014թ. Յունուար 1-էն տեղի ունեցած է գաղթականութեան օրէնսդրութեան խստացում (առանց վիզա մուտքի իրաւունք ունեցող պետութիւններու քաղաքացիները 180 օրուայ ընթացքին ՌԴ-ի մէջ կրնան գտնուիլ միայն 90 օր): Նախնական գնահատականներով` մօտ 50 հազար ՀՀ քաղաքացիներու մուտքը Ռուսաստան յառաջիկայ 3-5 տարիներուն արգիլուած է:
Միւս կողմէ, նախորդ տարիներու արտագաղթին հետեւանքով Հայաստանի մէջ նուազած են աշխատանքային միջոցները, քանի որ այս ընթացքին մեկնածներու մէկ մասը չէ վերադարձած եւ մշտական բնակութիւն հաստատած է արտերկրի մէջ:
Արտագաղթի հետեւանքով Հայաստանի մէջ աշխատանքային միջոցներու նուազում արձանագրած է նաեւ Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը: Այսպէս, 2013-ին Հայաստանի տնտեսական բնակչութեան թիւը կրճատուած է 29,5 հազարով, 2012-ին` 22,6 հազարով, 2011-ին` 22,4 հազար մարդով:







All the contents on this site are copyrighted ©.