2014-05-06 09:23:33

Իպրահիմի-Զարիֆ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն


Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեց սուրիական տագնապի զարգացումները:
Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երկու կողմերը իրենց խօսակցութեան ընթացքին ընդգծեցին Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու կարեւորութիւնը` զայն նկատելով տագնապի լուծման ամէնէն յարմար ընտրանքը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը գնահատեց Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու ուղղութեամբ Իպրահիմիի ջանքերը` զանոնք որակելով «կարեւոր»:







All the contents on this site are copyrighted ©.