2014-05-06 11:22:31

Զուիցերացի 30 նոր պահակներու երդման արարողութիւնը։


Երեքշաբթի 6 մայիս 2014-ին, Վատիկանի Զուիցերական Պահակագունդը կը նշէ ''Հռոմի Թալանումի'' շրջանին` 6 մայիս 1527ին, Պահակագունդի 147 անդամներու զոհաբերումը, որոնք ինկան Սուրբ Պետրոս Հրապարակին վրայ, ու Եկեղեցիին մէջ, կռուելով իրենցմէ աւելի շատ հզօր թշնամի ուժերուն դէմ պաշտպանելու համար Կղեմէս Է.Պապը որ կարողացաւ իր 42 պահակներովը ապաստան գտնել Գասթէլ Սանթ Անճելօ Դղեակը (ժամանակին ջուրով շրջապատուած - Castello S.Angelo Դղեակը ) որը նեղ ու երկար փապուղիով մը կապուած է Սուրբ Պետրոս Տաճարին։
Այս տարի 147 պահակներու զոհաբերումի ոգեկոչման արարողութեան կից տեղի կ՛ունենայ նաեւ Պահակագունդի նոր անդամներու երդման արարողութիւնը։ Արդարեւ մայիս 6-ի առաւօտեան ժամը 7.30 տեղի ունեցաւ Զուիցերացի պահակագունդի 147 նահատակներու ոգեկոչման արարողութիւնը։ Իսկ ժամը 10.30ին, Սրբազան Քահանայապետի ներկայացուցիչ` Վատիկանի ներքին գործոց նախարար` գերապայծառ Ճովաննի Անճելօ Պեչչուի ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Զուիցերական Պահակագունդի 30 նոր անդամներու երդման արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Պահակագունդի անդմաներու ընտանեկան պարագաները, Կարտինալներ, Եպիսկոպոսներ, Հռոմի Քուրիայի անդամներ ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներ։ Ներկայ էր նաեւ Զուիցերական մէկ պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Զուիցերական Շվից նահանգի նախագահ` տիար Վալթեր Սդահլինի։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Զուիցերիոյ Սուրբ Աթոռի մօտ նոր դեսպանը տիար Փիէր Իվ ֆուքսը։
Նշենք թէ 21 յունիս 1505ին Յուլիանոս Բ Քահանայապետը Զուիցերիայի պետութենէն խնդրած է պահակագունդ մը իր անձնական պաշտպանութեան համար։ 22 յունուար 1506 Յուլիանոս Բ Քահանայապետը ս. Պետրոս հրապարակի վրայ կ'օրհնէ Զուիցերական պահակագունդը։ Այդ թուականը կը նկատուի զուիցերական պահակագունդի հիմնարկութեան թուական։
Զուիցերացի Պահակներու պաշտօնը որոշուած է 6 Մայիս 1959-ի Սահմանադրութեան առաջին յօդուածին մէջ։ Անոնց Զօրագունդին յանձնուած է Սրբազան Քահանայապետի անձին պաշտպանութիւնը։ Ասկէ զատ անոնք կը հսկեն անոր բնակարանին, վատիկանեան քաղաքի մուտքերուն եւ երթեւեկութեան կանոնաւոր ընթացքին, ապա տեղեկութիւններ կու տան ուխտաւորներուն եւ կը հսկեն որ ոչ մէկը վատիկանեան հողամասէն ներս մտնէ առանց հարկ եղած արտօնութեան։ Հանդիսաւոր արարողութեանց, ունկնդրութեանց պետական անձերու եւ դեսպաններու այցելութեան ընթացքին միշտ ներկայ ըլլալով կարգապահութեան ու պատուոյ պահակներու դերը կը կատարեն։
Երդման արարոութեան առթիւ երեկոյեան ժամը 17.30-ին Վատիկանի Պետքարտուղար` Կարտիանլ Փիեթրօ Փարոլինը Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.