2014-05-06 11:48:48

Գերապայծառ Անճելօ Պէչչուի խօսքը Զուիցերական Պահակագունդի երդման արարողութեան առթիւ։


Երեքշաբթի 6 մայիսի առաւօտեան, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած` Զուիցերական Պահակագունդի 30 նոր անդամներու երդման արարողութեան ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետի ներկայացուցիչը, Վատիկանի ներքին գործոց նախարար` գերապայծառ Ճովաննի Անճելօ Պեչչու, իր խօսքին մէջ վերյիշեց 6 մայիս 1527-ի, Զուիցերացի 147 պահակներու զոհաբերումը, բոլոր ներկաներուն փոխանցելով իր ջերմ ողջոյնները։
Ան ապա մատնանշեց անցեալ 27 ապրիլին կայացած երկու քահանայապետերու սրբադասման արարողութեան ու հրաւիրեց պահակագունդի նոր անդամները խնդրելու երկու նոր սուրբերու բարեխօսութիւնը լաւագոյն կերպով կատարելու իրենց յանձնուած պաշտօնը։ Ան ապա գոհունակութիւն յայտնեց այս կարեւոր օրուայ ընթացքին պահակագունդի մի քանի անդամներուն ''շքանշաններ'' շնորհելու որ ''Սրբազան Քահանայապետի յատուկ նուէր մըն են, որպէս երախտագիտութեան եւ քաջալերանքի նշան բոլոր պահակագունդին նկատմամբ համար''։
Գերապայծառ Պէչչու խօսքը աւարտեց մաղթելով որ բոլոր գործունէութիւնը որպէս հիմ ունենայ` հաւատքը, Եկեղեցւոյ ու անոր տիեզերական Հովիւին հանդէպ սէր, ինչպէս նաեւ հոգեւոր խոր զգացում մը որ միշտ աւելիով ամրապնդէ մեզ միացնող ընտանեկան հոգին։
Ան ապա յատուկէն ողջունեց ներկայ հիւրերը ու բոլորին վրայ հայցեց Տիրոջ օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.