2014-05-05 10:10:11

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կոչը Ուքրանիոյ Խաղաղութեան համար։


Կիրակի, 4 մայիսի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց ''Ուրախ Լեր'' Մարեմեան աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը ուր կը խօսուի Յիսուսի Էմմաուսի աշակերտներու երեւումի մասին։ ''Էմմաուսի ուղեւորութիւնը մեր հաւատքի ճանապարհորդութեան խորհրդանիշն է'' ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով հաւատացեալները ունկնդրելու Աստուծոյ Խօսքը եւ մասնակցելու Կիրակնօրեայ Սուրբ զոհին։
Խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց Ուքրանիոյ մէջ տիրած ''ծանր իրավիճակի'' ի տես, Ուքրանիան յանձնելով Աստուածամօր հովանիին։ Ան ապա աղօթք բարձրացուց առ Աստուած որպէսզի բոլորին սրտերուն մէջ զեղու համերաշխութեան եւ եղբայրութեան զգացումները։ Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց նաեւ Աֆղանիստանի մէկ շրջանը հարուածող հսկայական սողանքի պատճառած զոհերուն համար ու ապա արտասանելէ ետք Մարեմեան աղօթքը ողջունեց հրապարակը գտնուող ուխտաւորները յատուկէն ակնարկելով Սուրբ Սրտի Կաթողիկէ Համալսարանի ազգային օրուան նշումին, յայտարարելով թէ մօտ օրէն պիտի այցելէ համալսարանը անոր հիմնարկութեան 50 ամեակի առթիւ։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը, ողջունեց նաեւ Կեանքի ի նպաստ քայլարշաւի մասնակիցները ու ապա հրաժեշտ առաւ ներկաներէն անոնց մաղթելով բարի կիրակի։







All the contents on this site are copyrighted ©.