2014-05-05 10:34:23

Սպիտակ Տունը խոստացած է Հայ որբերուն հիւսած գորգը տրամադրել հանրային ցուցադրութեան


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմը քոնկրեսական Էտըմ Շիֆին եւ ծերակուտական Էտ Մարքիին տեղեկացուց, որ Սպիտակ տունը հայ որբերու հիւսած գորգը պիտի տրամադրէ հանրային ցուցադրութեան մը համար, որ նախատեսուած է կազմակերպել այս տարուան աշնան:
Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան յայտարարութիւնը ողջունած են թէ՛ Շիֆը եւ թէ՛ Մարքին, որոնք քոնկրեսական խումբ մը գործընկերներու հետ միասին գորգը տրամադրելու խնդրագիրը յղած էին, երբ Սպիտակ տունը մերժած էր անոր ցուցադրութիւնը արտօնել դեկտեմբեր 2013-ին Սմիթսընեան հիմնարկին մէջ ծրագրուած ձեռնարկին ընթացքին:
Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան իր կարգին ողջունեց քոնկրեսականներուն ջանքերը եւ ընդգծեց, որ այժմ պէտք է աչալուրջ ըլլալ ապահովել, որպէսզի գորգի ցուցադրութիւնը իրապէս տեղի ունենայ:
Այս գորգը հիւսուած է ցեղասպանութեան պատճառով որբացած հայ երեխաներու կողմէ` Լիբանանի Ղազիր մանկատան մէջ: Ցեղասպանութենէն փրկուած մանուկներուն կ՛օժանդակէր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ամերիկեան օգնութեան կոմիտէն, եւ իբրեւ երախտագիտութիւն` 1925 թուականին հայ որբերը իրենց գործած գորգը նուիրած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քելվին Քուլիճին:








All the contents on this site are copyrighted ©.