2014-05-05 10:10:54

Ռուսամէտ ցուցարարներ Օտեսայի մէջ յարձակում գործեցին ոստիկանութեան կեդրոնատեղիին դէմ


Ռուսամէտ ցուցարարներ կիրակի,4 մայիսին, յարձակում գործեցին Օտեսայի ոստիկանութեան կեդրոնատեղիին դէմ. շրջանին մէջ երկու օր առաջ տեղի ունեցած բռնարարքները 31 զոհ պատճառած էին: Հարիւրաւոր ցուցարարներ հաւաքուեցան շէնքին առջեւ` պահանջելով ազատ արձակել ուրբաթ օրուան բախումներուն ընթացքին ձերբակալուածները, որոնցմէ 50-ը յաջողեցան ազատել: Ուրբաթ օրուան ընթացքին արձանագրուած զոհերուն մեծամասնութիւնը ռուսամէտներ էին, որոնք զոհ գացին, երբ հրկիզուեցաւ այն շէնքը, ուր հաւաքուած էին:
Ուքրանիոյ ժամանակաւոր վարչապետ Արսենի Եացենիուք, որ Օտեսա այցելեց, ոստիկանութիւնը ամբաստանեց բռնարարքները կանխարգիլել ձախողելու համար եւ հրամայեց դէպքին շուրջ հետաքննութիւն կատարել, սակայն նաեւ նշեց, որ խռովարարութիւնը «Ռուսիոյ կողմէ հրահրուած Ուքրանիան քանդելու ծրագիրի մը մաս կը կազմէ»: «Ռուսիոյ նպատակը Օտեսայի մէջ արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ պատահածը կրկնելն է», ըսաւ ան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ԵԱՀԿ-էն պահանջեց «Ուքրանիոյ դէպքերուն առարկայական գնահատական մը» տալ եւ Արեւմուտքը ամբաստանեց Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող աղէտալի դէպքերը «տեղեկատուական շրջափակումի» ենթարկելու յանցանքով:
«Մինչեւ իսկ ԵԱՀԿ-ի շրջանակին մէջ ոչ ոք գիտէ, որ Ուքրանիոյ մէջ այսօր արիւնահեղութիւն տեղի կ՛ունենայ եւ բանակը անզէն մարդոց դէմ կրակ կը բանայ, ուստի նման պայմաններու մէջ ի՞նչ խօսքի ազատութեան եւ մամլոյ ազատութեան մասին կարելի է խօսիլ», նշեց արտաքին գործոց նախարարութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.