2014-05-05 11:38:55

Կայացաւ «Եւրոտեսիլ 2014”-ի պաշտօնական բացման արարողութիւնը


Կիրակի` Մայիս 4-ին, Քոփենհակընի մէջ կայացաւ “Եւրոտեսիլ 2014”-ի պաշտօնական բացման արարողութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Aysor.am-ը:
Յիշեցնենք, որ Արամ MP3-ն ելոյթ պիտի ունենայ մրցոյթի առաջին կիսաեզրափակիչ փուլի ընթացքին` Մայիս 6-ին, առաջին համարի տակ:
Երկրորդ կիսաեզրափակիչ փուլը պիտի կայանայ Մայիս 8-ին, իսկ եզրափակիչը` Մայիս 10-ին:
Ընդհանուր առմամբ, այս տարի “Եւրոտեսիլ”-ին կը մասնակցի 37 երկիր:
“Եւոտեսիլ-2014” երգի մրցոյթը կը կայանայ Քոփենհակընի մէջ: Մրցոյթին ուղիղ եթերով հետեւելու հնարաւորութիւն պիտի ունենայ աւելի քան 180 միլիոն մարդ ամբողջ աշխարհէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.