2014-05-05 12:49:06

Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց Հայ Աւետ. եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին պատուիրակութիւնը


Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, շաբաթ 1 մայիս 2014, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Մարմինի ներկայացուցիչները՝ վեր. Վահան Թութիկեան, վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, տիար Ժոզէֆ Ծերոնեան, վեր. Մկրտիչ Մելքոնեան, տէր եւ տիկ. Ժոզէֆ եւ Ճոյս Շթէին, վեր. Ռընէ Լեւոնեան, վեր. Յարութ Սելիմեան, տիար Յովհաննէս Յովսէփեան, վեր. Գառնիկ Թութիկեան, ընկերակցութեամբ վեր. Փոլ Հայտոսթեանի, որոնք ժամանած են Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն, Միջին Արեւելքէն եւ զանազան այլ շրջաններէն: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ տիկին Անի Գալուստ:
Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան պատուիրակութեան անդամները ներկայացնելէն ետք, անդրադարձաւ պատուիրակութեան առաքելութեան մասին:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին արծարծման նիւթ դարձաւ հայութիւնը եւ մասնաւորաբար լիբանանահայութիւնը յուզող խնդիրները, Սուրիոյ տագնապէն մեծապէս տուժած սուրիահայութեան դժուարութիւնները եւ մանաւանդ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նշման ծրագիրները:
Հանդիպումի աւարտին Հոգեւոր Տէրը իր ջերմ գնահատանքն ու քաջալերանքը յայտնեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Մարմինի նախաձեռնութիւններուն եւ շեշտեց համազգային միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը այսօր աւելի քան երբեք:







All the contents on this site are copyrighted ©.