2014-05-03 11:38:38

Հռոմի մէջ քայլարշաւ կեանքի ի նպաստ


Շաբաթ, 3 մայիսին, Հռոմի Պիոս Ժ-րդ դահլիճին մէջ, տեղի կ'ունենայ
''կեանքի նուիրուած առաջին միջազգային հանդիպումը որ մաս կը կազմէ, ''կեանքի ի նպաստ 6-րդ քայլարշաւի'' ծիրէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկներու շարքին, որ տեղի կ՛ունենայ կիրակի 4 մայիսին, առաւօտեան ժամը 9-ին հռոմի մէջ։ Քայլարշաւը սկիզբ կ՛առնէ ''Ռէփուպլիքա – հանրապետութիւն'' հրապարկէն եւ վերջ կը գտնէ Սուրբ Պետրոսի հրապարկի մօտ գտնուող Քասթէլ Սանդ Անճէլօ դղեակին մօտ։ Ապա, Քայլարշաւի մասնակցողները, կը մասնակցին Ֆրանչսիկոս Սրբազան Քահանայապետի, Մարեմեան կիրակնօրեայ աւանդական աղօթքին։
Կեանքի ի նպաստ միջազգային հանդիպումը, կազմակերպուած է միջազգային զանազան հաստատութիւններու կողմէ։ Հանդիպումին կը մասնակցին, կեանքի ի նպաստ 50 կազմակերպութիւններ, որոնք այժմ կը գործեն 20 զանազան երկիրներու մէջ։
Նիստերու ընթացքին ժողովականները կը քննարկեն կեանքի պաշտպանութեան ու կեանքի իրաւունքի հայող զանազան նիւթեր ու այս առնչութեամբ միասնական դիրք մը որդեգրելու կարելիութիւնը։
Հանդիպումին ելոյթ կ'ունեան կղերական եւ մտաւորական աշխարհի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին՝ Կարտինալ Լէօ Ռայմոնտ Պուրքէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.