2014-05-03 12:43:03

Հայաստանը կը մասնակցի Պուէնոս Այրեսի գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին


Պուէնոս Այրեսի մէջ Ապրիլ 24-Մայիս 12 կ’ընթանայ Գիրքի 40-րդ միջազգային ցուցահանդէսը: Քառասունէ աւելի երկիրներու մէջ առանձին տաղաւարով ներկայացուած է նաեւ Հայաստանը, եւ Մայիս 1-ին աւանդաբար նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:
Արժանթինի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հովանաւորութեամբ եւ Արժանթինի “Հայ կեդրոն”-ի օժանդակութեամբ ցուցահանդէսի “Խոսէ Էրնանտես” սրահին մէջ կայացաւ օրուան հիմնական ձեռնարկը, որուն ներկայ էին աւելի քան 1600 հանդիսականներ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արժանթինի մէջ ՀՀ դեսպան Վահագն Մելիքեան: Ելոյթներ ունեցան Պուէնոս Այրեսի քաղաքային խորհուրդի` Մարդու իրաւունքներու եւ մշակութային բազմազանութեան հարցերով փոխքարտուղար Քլաուտիօ Աւրուխը եւ թուրք մտաւորական ու ակտիւիստ, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռակիփ Զարաքոլուն:
Իր ելոյթին մէջ դեսպան Մելիքեան, մասնաւորապէս, նշեց. “Արդէն 40 տարի շարունակ Պուէնոս Այրեսում անցկացուող Գրքի միջազգային ցուցահանդէսը վերածւում է իւրօրինակ ու գեղեցիկ մի տօնի, որը ոչ միայն հնարաւորութիւն է տալիս տարբեր ազգերի ներկայացուցիչներին ծանօթանալու համաշխարհային գրականութեանը, այլ նաեւ իր մէջ կրում է մարդկանց գրքին մօտեցնելու, գրքի նկատմամբ սէր արթնացնելու, միջմշակութային երկխօսութիւն ծաւալելու, փոխըմբռնում եւ հանդուրժողականութիւն խրախուսելու խորհուրդը”:
Փոխքարտուղար Քլաուտիօ Աւրուխ իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ հայ – արժանթինեան քաղաքական եւ մշակութային յարաբերութիւններուն, Արժանթինի մէջ հայ համայնքի դերին ու նշանակութեան` կարեւոր համարելով համայնքի արժէքաւոր ներդրումը երկրի քաղաքական, հասարակական եւ մշակութային կեանքին մէջ: Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման խնդիրին, ինչպէս նաեւ այդ ուղղութեամբ Արժանթինի իշխանութիւններու հետեւողական քայլերուն` Քլաուտիօ Աւրուխը տեղեկացուց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ` Պուէնոս Այրեսի քաղաքային իշխանութիւններուն որոշումով մայրաքաղաքի “Բալերմօ” թաղամասին մէջ անվճար տարածք պիտի յատկացուի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի կառուցման համար:
Թուրք լրագրող, մտաւորական Ռակիփ Զարաքոլուն, իր ելոյթին մէջ՝ դատապարտելով Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան իրականացումը՝ ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ վարուող ժխտողական քաղաքականութիւնը, անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան նահատակ հայ մտաւորականներու` Ռուբէն Սեւակի, Սիամանթոյի, Դանիէլ Վարուժանի, Գրիգոր Զոհրապի եւ այլոց դաժան սպանութիւններուն: Ան նաեւ տեղեկացուց, որ Ֆրանց Վերֆելի “Մուսա լերան քառասուն օրը” պատմավէպի թուրքերէն թարգմանութիւնն ու հրատարակութիւնը կատարուած է իր կողմէ, որուն համար ան թրքական ինքնութիւնը վիրաւորելու մեղադրանքով դատապարտուած է ազատազրկման:







All the contents on this site are copyrighted ©.