2014-05-03 12:53:23

Կարտինալ Սանտրիի միջամտութիւնը կրօներու տօնախմբութեան


Շաբաթ 3 մայիս, Կարտինալ Սանտրի` կառավարիչը Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին, մասնակցեցաւ Իտալիոյ ֆիրենցէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող կրօներու կլոր սեղանին` ''կրօներու տօնախմբութիւնը` կրօները համաշխարհականացած աշխարհի մէջ'' նիւթին մասին։
Իր կատարած միջամտութեան ընթացքին կարտինալը ըսաւ մենք հոս կը գտնուինք իրարու հետ հանդիպելու ու երկխօսելու առանց անտեսելու մեր տարբերութիւնները։
Մենք որպէս անդամներ մարդկային ազգի միակ ընտանիքին պէտք ենք իրարզիրար յարգել ու իրարու զօրակցիլ։
Ապրիլ կրօներու տօնը կը նշանակէ ընդունիլ կրօներու հրապարակային դերը եւ հարցադրել իւրաքանչիւր կրօնին բերած նպաստին` մարդկային ազգի հասարակաց բարիքին։
Կարտինալ Սանտրին դիտել տուաւ որ իմ քրիստոնէական հաւատքս մկրտութեամբ ինծի ամէն բան պարգեւեց Յիսուսի անձին մէջ` որպէս ճշմարիտ Աստուած եւ ճշմարիտ մարդ։ Ուստի իմ համայն գոյութիւնս երկխօսութիւն մըն է Աստուծոյ հետ։ Սիրտս կը բաղձայ Աստուծոյ ներկայութիւնը ու Իրմով հանգիստ կը գտնէ։ Ուստի քրիստոնէութիւնը ոչ թէ վարդապետութիւն մըն է եւ ոչ ալ բարոյականութիւն այլ հանդիպում ու հաղորդակցութիւն Արարիչ Աստուծոյ հետ։
Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը ապա ըսաւ. որպէս կառավարիչ արեւելեան եկեղեցիներուն, մտահոգ եմ այդ աշխարհամասի քրիստոնեայ հաւատացեալներուն ներկայ կացութեան ի տես։ Արեւելցի քրիստոնեաները իրենց հայրենիքը կը սիրեն ու կը բաղձան խաղաղութեան վերահաստատումը ու այլ համայնքներու ու կրօներու հետ համերաշխ համակեցութիւն։
Անոնց հետ միասին, մեր բաղձանքն է որ անոնք կարողանան անդորր կեանք մը ապրիլ այս աշխարհի վրայ` ըլլան անոնք Սուրիա, Եգիպտոս, Իրաք, Լիբանան, Էրիթերիա եւ կամ Ուքրանիա - եզրափակեց Կարտինալ Սանտրին։







All the contents on this site are copyrighted ©.