2014-05-02 09:56:55

ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի մէկ եւ երկուՄայիսի թուիթները։


'Քաղաքական պատասխանատուութիւն ունեցող մարդոցմէ կը խնդրեմ որ երկու բան չմոռնան. մարդու արժանապատուութիւնը եւ հասարակաց բարիքը'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը, աշխատանքի օրուայ առթիւ, Մայիս մէկին իր հրատարակած թուիթին մէջ։ Յայտնենք որ աշխարհի վրայ կան 202 միլիոն գործազուրկ մարդիկ եւ թէ Ֆրանչիսկոս Պապը իր Քահանայապետութեան առաջին տարուայ ընթացքին, ծանրօրէն անդրադարձած է այս հարցին, ընդգծելով մարդու արժանապատուութեան կարեւորութիւնը։

Իսկ մայիս 2-ին հրատարակած թուիթին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը յայտնէ թէ Աստուծմէ աւելի համբերող հայր մը չկայ եւ թէ ոչ մէկը գիտէ հասկնալ ու Անոր նման սպասել։ ''Ոչ մէկը Հայր Աստուծմէ աւելի համբերող է. Ոչ մէկը հասկցող է ու գիտէ Անոր նման սպասել։''








All the contents on this site are copyrighted ©.