2014-05-02 12:32:40

Քեսապի մերձակայքը տասնեակ զինեալներ սպաննուած են


Լաթաքիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ, մասնաւորապէս Քեսապի մերձակայքը, կը շարունակուի սուրիական օրինաւոր բանակին եւ ծայրայեղ իսլամ զինուած խմբաւորումներուն միջեւ բախումները: Ըստ «Լաթաքիոյ տեղեկատուական ցանց»ի «Ֆէյսպուք»ի էջին՝ ռազմական աղբիւրներ տեղեկացուցած են, որ Քեսապի Այն Տալպա շրջանին մէջ սպաննուած են տասնեակ զինեալներ, որոնց մեծամասնութիւնը սուրիացի չէ: Այս մասին կը յայտնէ Armenpress-ը։
Աղբիւրը կը տեղեկացնէ նաեւ, որ Լաթաքիա քաղաքին մէջ երկու ուժգին պայթումներ տեղի ունեցած են: Հրթիռներէն մէկը ինկած է Պասաթին Ռիհան մզկիթի մերձակայքը, իսկ երկրորդը՝ Սաուրա ազատուղիին ուղղութեամբ: Զոհերու եւ վիրաւորներու մասին տեղեկութիւններ չկան:
Վերջին քանի մը օրերուն, սուրիական բանակը ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կարեւոր կէտեր գրաւած է:
Բանակը զգալի յառաջխաղացք արձանագրած է Քեսապի մէջ՝ վերահսկողութիւն հաստատելով Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող Գարատուրանի ոստիկանատան վրայ, որուն շնորհիւ՝ զինեալներուն առջեւ փակուած է դէպի Քեսապ տանող ծովային միակ ճանապարհը: Ապրիլ 28ին, բանակը վերահսկողութիւն հաստատած է Լաթաքիոյ հիւսիսը գտնուող թիւ 724 բարձունքին վրայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.