2014-05-02 10:20:24

Ս. Պսակի Խորհուրդին պատրաստութիւնը


RealAudioMP3 Արեւելեան Եկեղեցիներու Կանոնագրքին 783-րդ յօդուածը կ՛ըսէ. « Հոգեւոր Հովիւները ծանր պարտականութիւնն ունին իրենց հաւատացեալները պատրաստելու ամուսնական վիճակին, անոնց բացատրելով Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը ամուսնութեան մասին, ամուսիններուն փոխադարձ պարտականութիւնները, անոնց առաջնահերթ իրաւունքը դաստիարակելու իրենց զաւակները` ֆիզիքական, բարոյական, մտային եւ ընկերային մարզերէն ներս»:
Այս յօդուածը շեշտը կը դնէ Պսակի Խորհուրդին վսեմութեան եւ ընտանեկան բոյնին կարեւորութեան: Հետեւաբար, քահանաները կարեւոր պարտականութիւն ունին լուսաբանելու քաջալերելու եւ նեցուկ կանգնելու երիտասարդներուն կեանքի այս հանգրունանին մէջ: Որպէսզի ամուսնութիւնը ամուր հիմերու վրայ դրուի, անհրաժեշտ է որ երիտասարդները նախապէս լուրջ եւ անմիջական պատրաստութիւն մը ունենան` ամուսնական եւ ընտանեկան կեանքին համար: Նախապատրաստական այս շրջանը Եկեղեցւոյ մնայուն հոգածութիւնն է, յատկապէս Վատիկանեան Բ. Ժողովէն ետք, որովհետեւ շատեր կան, որոնք կ՛անգիտանան քրիստոնեայ ամուսնութեան ճոխութիւնը, եւ կամ պարզապէս կը դրժեն զայն:
Այսօր աշխարհի վրայ, ապաքրիստոնէացման աւերիչ հոսանք մը կայ, որուն ժխտական ազդեցութեան տակ` երիտասարդները հետզհետէ կը կորսնցնեն Աստուծոյ մը գոյութեան գաղափարն իսկ, հետեւաբար նաեւ ամուսնական սրբութեան եւ ընտանեկան սիրոյն իմաստը:
Նման մտայնութիւն մը ցաւալի եւ ողբերգական հետեւանքներէն են` ամուսնութիւններու նուազումը, ծնունդներու սահմանափակումը, ամուսնալուծումներու բազմացումը, կամաւոր վիժումները, սեռային սանձարձակութիւնները, հոգեւոր եւ հոգեգան սնանկացումը, որոնք կը քայքայումն են ընտանեկան կառոյցին:
Այս բոլոր պատճառներուն համար, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս բ. որ ընտանեկան կեանքի պաշտպան սուրբն է նաեւ կը յայտարարէր, թէ երիտասարդներուն ամուսնութեան եւ ընտանեկան կեանքի նախապատրաստութիւնը մեր օրերուն համար դարձած է աւելի՛ անհրաժեշտ քան երբեք, որուն միջոցով եւ կարելիին չափով` դժուարութիւնները, որոնց մէջ կը տուայտին բազմաթիւ ամոլեր` պիտի յաղթահարուին եւ առաջնորդուին դէպի յաջող եւ կատարեալ ամուսնութիւն:
1994 Հոկտեմբեր ամիսը Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Պապի ջերմ փափաքին համար, Ընտանիքի միջազգային տարի հռչակուեցաւ: Միջազգային այդ տարուան բացառիկ առիթին Սոյն Քահանայապետը ընտանիքի համար յօրինած էր շատ գեղեցիկ աղօթք մը: Ուստի այս նոյն աղօթքը այսօր եւս պիտի բարձրացնենք առ Աստուած իրմէ խնդրելով որ ամուր պահէ մեր հայ ընտանիքները եւ հայ երիտասարդներուն լուսաւորէ եւ լուսաբանէ, որպէսզի կարենան Սուրբ ընտանիքներ կազմել:
ԱՂՕԹՔ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՀԱՄԱՐ
Աստուած, որմէ յառաջ կու գայ ամէն հայրութիւն մէն հայրութիւն Երկնքի մէջ եւ երկրի վրայ, Հայր, որ ես Սէր եւ Կեանք, ըրէ՛ որ երկրի վրայ մարդկային ամէն ընտանիք ըլլայ քու Որդիիդ` Յիսուս Քրիստոսի միջոցով` ծնած կնոջմէ` եւ Սուրբ Հոգիին միջոցով` աղբիւր Աստուածային սիրոյ սերունդներուն համար, որ միշտ կը վերանորոգուին:
Ըրէ՛, որ քու Սէրդ առաջնորդէ մտածումներն ու գործերն ամոլներուն Դէպի բարին իրենց ընտանիքներուն, եւ աշխարհի ամէն ընտանիքներուն: Ըրէ՛, որ երիտասարդ սերունդներն գտնեն ընտանիքին մաջ զօրաւոր թիկունք իրենց մարդկայնականութեան եւ իրենց աճումին` ճշմարտութեան եւ սիրոյ մէջ:
Ըրէ որ սէրը` զօրացած շնորհքովն Պսակի Խորհուրդին, յայտնուի աւելի հզօր քան ամէն տկարութիւն եւ ամէն տագնապ, որոնց մէջէն երբեմն կ՛անցնին մեր ընտանիքները:
Վերջապէս ըրէ՛, որ հայցենք զայն քեզմէ բարեխօսութեամբ Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքին, որ Եկեղեցին երկրի բոլոր ազգերուն մէջ, կարենայ արդիւնաւորապէս կատարել իր առաքելութիւնը ընտանիքին մէջ եւ ընտանիքին միջոցաւ: Դուն որ Կեանքն ես, Ճշմարտութիւնն եւ Սէրը, միութեան մէջ Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին: Ամէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.