Ֆրանսայի , ''Laus'' կոչուած լճակին մօտ գտնուող, ''Laus'' Տիրամօր նուիրուած սրբավայրին
մէջ 2014-ի մայիս մէկէն մինչեւ մինչեւ 2015-ի մայիս մէկը հռչակած է Յոբելինական Մարեմեան
Տարի, տօնախմբելու համար Աստուածամօր երեւումին 350 Ամեակը։ Վերոյիշեալ Սրբավայրին
շինարարական գործերը սկիզբ առած են 1664 թուականին եւ տեւած են չորս ամիս։ Սրբավայրը
կառուցուած է հոն ուր՝ Սուրբ Կոյս Մարիամը երեւցած է աղքատիկ երիտասարդուհի Պէնէտէթթա
Ռանքիւրէլի։ Տիրամօր երեւումները, ճանչցուեցան Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ՝ 2008 թուականին։