2014-05-01 09:12:22

ՄԱՅԻՍ ՄԷկ-ը


Քաղուած` Եռագոյնէն, Նազարէթ Պէրպէրեանի յօդուածէն

Հնադարեան ժամանակներէն մարդկութիւնը տօնած է Մայիս ամսու գալուստը իբրեւ ծաղկումի եւ կենսուրախութեան հեթանոսական տօն, բայց ժամանակակից աշխարհը հիմնովին տարբեր գաղափարական խորքով կը նշէ Մայիս 1ը։
Մայիս Մէկի մերօրեայ խորհուրդը ուղղակի կապուած է մարդու աշխատանքի ազատագրութեան մեծ շարժումին եւ աշխատաւորական իրաւունքներու պաշտպանութեան քաղաքական պայքարին հետ։
124 տարի առաջ սկսաւ Մայիս 1ի ժամանակակից իմաստով նշումը եւ այնքան ալ տօնական տրամադրութիւններով չսկսաւ։ 1890ի Մայիս 1ին, յատկապէս Եւրոպայի տարածքին, աշխատաւորական կազմակերպութիւնները եւ յեղափոխական կուսակցութիւնները (ընկերվարական, անիշխանական թէ ազատական) փողոց իջան եւ ցոյց կատարեցին՝ ութժամայ աշխատանքային օրուան եւ ընդհանրապէս աշխատաւորական կեանքի պայմաններու բարելաւման պահանջով։ Յատկապէս աշխատաւորներու մասնակցութեամբ կատարուած առաջին այդ Մայիս 1ի ցոյցերը այդպէս՝ պատահական կամ ինքնաբուխ չեղան։ Տարի մը առաջ, 1889ի Յուլիսին, Ֆրանսական մեծ Յեղափոխութեան հարիւրամեակին առիթով գումարուած էր Ընկերվար Միջազգայնականի (պատմութեան ծանօթ իբրեւ Երկրորդ Միջազգայնական) հիմնադիր ժողովը, որ հետագայ իր գործունէութեան վերաբերեալ որոշումներու շարքին՝ Մայիս Մէկը հռչակեց իբրեւ աշխատաւորական շարժումներու միջազգային զօրակցութեան Օր։
Միջազգայնականի այդ որոշումն էր, որ ի գործ դրուեցաւ 1890ին, իսկ Մայիս 1ին զօրակցութեան շարժումի իմաստ տալու գաղափարը բխած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ արդէն ծաւալուն բնոյթ ստացած աշխատաւորական պայքարին թիկունք կանգնելու Ընկերվար Միջազգայնականի քաղաքական դիրքորոշումէն։
Արդարեւ, աշխատաւորական շարժումը ակնբախ յառաջխաղացք արձանագրած էր Մ. Նահանգներու մէջ՝ օգտուելով ազատ մտածողութեան եւ քաղաքացիական ազատ գործունէութեան՝ Եւրոպայի համեմատ աւելի ձեռնտու պայմաններէն։
1886ին, Մայիսի առաջին օրերուն, Մ. Նահանգներու աշխատաւորական եւ գաղթականական կեդրոնացման քաղաքներէն Շիքակոյի մէջ, աշխատաւորները փողոց իջած էին եւ օրերու վրայ շարունակուած ցոյցերու միջոցաւ կը պահանջէին, որ օրէնքով նուիրագործուի ութժամեայ աշխատանքային օրուան իրենց պահանջը։
1886ի այդ տարուան Մայիս 4ին, Շիքակոյի Հէյմարքէթ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ցոյցը շատ բազմամարդ եւ բուռն եղած էր՝ ոստիկանութեան հետ առճակատման երթալու իմաստով։ Անորոշ կողմէ ռումբ նետուած էր ցոյցին հսկող ոստիկանութեան վրայ՝ զոհեր խլելով ոստիկաններէն, որոնք անմիջապէս կրակ բացին ցուցարարներուն վրայ եւ պատճառ դարձան 8 մեռեալի եւ տասնեակներով վիրաւորներու։ Անշուշտ օրին դատ-դատավարութիւն տեղի ունեցաւ, բայց դատարանը իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց, ռումբի արձակման բուն պատասխանատուները յայտնաբերելու փոխարէն, ցոյցի կազմակերպիչներուն քաղաքական համոզումներուն քննարկման եւ բացայայտման վրայ, ինչ որ քաղաքականացուց աշխատաւորական շարժման ամբողջ էութիւնը։
Նոյն պատճառով ալ, Մ. Նահանգներու օրուան նախագահը՝ Քլիվլընտ փութաց զօրակցելու ամերիկացի աշխատաւորական միութիւններէն Աշխատանքի Ասպետներ արհեստակցական կազմակերպութեան, որ ի հակազդեցութիւն ընկերվարական համոզումներով Հէյմարքէթի ցուցարարներուն՝ առաջարկեց Սեպտեմբերին տօնել Աշխատանքի Օրը եւ այդպէս ալ, Մ. Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ, մինչեւ այսօր Աշխատանքի Օրը կը տօնուի Սեպտեմբերին։
Եւ այդպէս սկսաւ Մայիս Մէկի միջազգային շարժման կենսագրութիւնը։
Մայիս Մէկը այսօր եւս կը պահպանէ, անշո՛ւշտ, շեշտակիօրէն Աշխատանքի եւ Աշխատաւորութեան Միջազգային Օրուան իր նշանակութիւնը։ Բայց այսօր արդէն Աշխատանքն ու Աշխատաւորութիւնը շատ բան կորսնցուցած են նեղ դասակարգային իրենց սկզբնական իմաստէն եւ արժէքէն։ Ընդհակառակն՝ ցեղային ու սեռային հաւասարութեան, ազգային պաշտպանուածութեան եւ արդարութեան, ժողովրդավարական յարաբերութիւններու եւ հակակշիռներու ընդլայնման, կենսոլորտի անխաթար պահպանման եւ կրօնական ու քաղաքակրթական ինքնուրոյնութեան ազատ զարգացման պահանջները անեզր հորիզոն մը բացած են Մայիս Մէկի իմաստին եւ արժէքին առջեւ։
Մայիս Մէկի գաղափարական խորհուրդին այս աստիճան ընդլայնումը, բնականաբար, շատ բան նուազեցուց անոր էապէս աշխատաւորական պայքարի նշանակութենէն եւ հնչեղութենէն։ Բայց նոյնիսկ մեր օրերուն, աշխարհի որեւէ անկիւնը, մինչեւ անգամ ժողովրդավարականօրէն հաստատաքայլ յառաջդիմած երկիրներու մէջ, երբ աշխատանքն ու աշխատաւորութիւնը իրաւազրկելու քայլ կ’արձանագրուին, Մայիս 1ը անմիջապէս կը վերագտնէ երբեմնի իր բուռն պայքարին տարողութիւնը՝ աշխատաւորութեան եւ իշխանութեան միջեւ արիւնալի բախումներու յանգելով։
Իսկ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, 19րդ դարավերջէն սկսեալ, Մայիս Մէկը հայ ազգային-ազատագրական շարժման համար ներշնչման աղբիւր դարձաւ, հետեւողականօրէն մղում տուաւ համամարդկային մեծ իտէալներով առաջնորդուելու սկզբունքայնութեան։
Մայիս 1ը քաղաքականօրէն չարաշահուեցաւ նաեւ հայ իրականութեան մէջ, երբ 1918ին նուաճուած Ազատ ու Անկախ Հայաստանի մէջ, պոլշեւիկեան խռովարարութեանց հետեւանքով, արձանագրուեցաւ հայոց նորագոյն պատմութեան ամէնէն սեւ ու մրոտ էջերէն մէկը.-
1920ի Մայիս 1ին, Կարմիր Բանակի հրահրումով, հայ պոլշեւիկները Կարսի մէջ Աշխատաւորական Օրուան հանդիսութիւնները փորձեցին ծառայեցնել Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ բողոքի շարժումի եւ քաղաքացիական խռովութիւններու ծաւալումին…
Պատմութիւնը վկայ է, որ մեր ժողովուրդը իր ազգային առողջ բնազդով կուլ չգնաց պոլշեւիկեան խորշակի այլասերման ու դաւանամոլութեան վտանգին։ Ամբողջ եօթանասուն տարուան խորհրդային ամբողջատիրութեան թունաւորումէն ետք անգամ, հայ քաղաքական միտքը կրցաւ իր ազգային ժառանգութեան հարազատ ակունքներով վերականգնիլ։
Եւ ամէն Մայիս Մէկի հետ, մերօրեայ հայութիւնը աշխարհով մէկ կը վերանորոգէ արեւուն տակ իր ազգային եւ ընկերային ազատ ու արդար կեանքը նուաճելու ուխտը։
Այսպէ՛ս, քաղաքակիրթ մարդկութիւնը բաղկացնող ազգերէն եւ հասարակութիւններէն իւրաքանչիւրը իր ձեւով ու չափով դժուար ուղի հարթեց, որպէսզի կարենայ դիմագրաւել Աշխատանքի եւ Աշխատաւորութեան ազատագրումը արգելակող արտաքին թէ ներքին խոչընդոտները։
Մայիս 1ի տարեդարձը այնքան ալ կիրքեր չի յուզեր այլեւս, բայց անպայման մարդոց եւ ազգերու յիշողութեան մէջ կը վերանորոգէ աշխատաւորական պայքարի աւանդներուն եւ նուաճումներուն պահապան ու իրաւատէր կանգնելու յանձնառութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.