2014-04-30 12:17:35

Քաղտէացիներու Պատրիարքի գնահատումով Իրաքի քրիստոնեաներու իրավիճակը ողբերգական է։


Պատրիարքը կը դատապարտէ կրօնական ծայրայեղութեան ալիքը։

Քաղտէացիներու պատրիարքը` գերերջանիկ Լուիս Սաքօ, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնեց որ քրիստոնեաներու ներկայ կացութիւնը ողբերգական է մահմետական ծայրայեղ խմբակներու բանեցուցած ճնշումին պատճառաւ, Իրաքի քրիստոնեայ հասարակութիւններուն վրայ։ Նախքան ամերիկացիներու բռնագրաւումը, ըսաւ պատրիարքը, Իրաքի մէջ կ'ապրէին աւելի քան մէկ միլիոն քրիստոնեաներ, որոնցմէ 600 հազարը` Պաղտատ մայրաքաղաքին մէջ։ Մահաբեր բռնութիւններու հետեւանքով ներկայիս իրաքեան հողին վրայ կ'ապրին շուրջ 400 հազար քրիստոնեայ։ Քրիստոնեաներու արտագաղթը ահաւոր է ու մտահոգիչ։ Եթէ ներկայ կացութիւնը շարունակուի, ցաւով յայտնեց պատրիարք Սաքօն, Եկեղեցին եղերական վիճակ մը պիտի ունենայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.