2014-04-30 12:44:42

Սկիզբ առին Կոսդանդիայի տիեզերական ժողովի 6-րդ դարադարձի տօնախմբութիւնները


Անեցալ 27 ապրիլին, ֆրիպուրկի մէջ, համամիութենական արարողութեամբ սկիզբ առին, Կոսդանդիայի տիեզերական ժողովի 6-րդ դարադարձի տօնախմբութիւնները։ Թեմին առաջնորդը գերապայծառ Ռոպէրթ Ծոլիչ 1414-1418 տարեշրջաններուն տեղի ունեցած տիեզրական ժողովը որակեց որպէս կարեւոր հանգրուան մը Եկեղեցւոյ կեանքին։ Ժողովի մասնակցող հայրապետները աշխատեցան բարենորոգումներ ներմուծել Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Պատ Լիւտեմպերկ մարզի լուտերական եպիսկոպոսը` ֆիշեր իր կարգին հաստատեց որ ներկայիս քրիստոնեայ եկեղեցիները իրարու հետ աւելի միացած են, մատնանշելով որ Կոսդանդիայի տիեզերական ժողովի 600 տարիներու յիշատակումը կարեւոր քայլ մըն է վերակոչելու նաեւ Վերանորոգումի 500 տարեդարձը, որ սկիզբ պիտի առնէ 2017- թուականին։
Գերապայծառ Ծոլիչ ապա հաստատեց որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին եպիսկոպոսական դասին հետ համագործակցութեան եղանակը, պատասխան մըն է Կոսդանդիայի տիեզերական ժողովի եզրակացութիւններուն, որոնք կը հրաւիրեն եպիսկոպոսները բանակցելու բարենորոգումի հայող հարցերու մասին, եպիսկոպոսական ընդհանուր ժողովներուն ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.