Ռուսամէտ ցուցարարներ Լուհանսքի մէջ կառավարական կեդրոնատեղին գրաւեցին
Ռուսամէտ ցուցարարներու մեծ բազմութիւն մը գրաւեց արեւելեան Ուքրանիոյ Լուհանսք քաղաքի
շրջանային վարչութեան կեդրոնատեղին: Հետագային «Հանրաքուէ, Ռուսիա» բացագանչող ցուցարարներ
կեդրոնատեղիին վրայ ռուսական դրօշ մը բարձրացուցին: Մինչեւ հիմա անոնք քաղաքին մէջ Պետական
ապահովական ծառայութեան գրասենեակը գրաւած էին: Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար
Սերկէյ Ռիապքով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ բարձր ճարտարագիտութեան մարզը
թիրախ դարձնելով «իրողապէս «երկաթեայ վարագոյր մը իջեցուցած են»: Ան ըսաւ, որ Եւրոպական
Միութիւնը իր սեփական պատժամիջոցները ընդլայնելով փաստեց, որ «Ուաշինկթընի ձեռքին տակ
է»: Ռիապքով նաեւ շեշտեց, որ Ռուսիա արեւելեան Ուքրանիա ներխուժելու որեւէ մտադրութիւն
չունի: ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի փոխնախագահ
Անտրէյ Մակերա յայտարարած է, որ յանձնախումբը պատրաստ է 15 յունիսին շրջաններու իրաւունքներու
ընդլայնման հարցով համաուքրանական հանրաքուէ կատարելու, եթէ խորհրդարանը համապատասխան
որոշում որդեգրէ: Մակերա նաեւ նշած է, որ հանրաքուէն 25 մայիսի արտակարգ նախագահական
ընտրութեան հետ միաժամանակ կատարելը քիչ հաւանական է, ատիկա կրնայ կայանալ միայն 15 յունիսին: