2014-04-30 11:08:10

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ
մահուան մութ փապուղիէն անդին...


Աշխարհի մէջ ապրող ոեւէ մարդ էակին եթէ հարց տանք ՜՜ կը յիշե՞ս արդեօք իննամսեայ կեանքէդ որեւիցէ պահ, զոր իբրեւ յուշ կարողանաս ներկայացնել, որպէս յիշատակ նախքան ծնած ըլլալու ժամանակէդ՝՝ պիտի պատասխանէ Ո՛Չ:
Նոյն այս հարցումին նմանութիւնը եղող հարցում մը, բանականութեամբ գործող բազմաթիւ մարդիկ դարերու ընթացքին տուած էին, կու տան ու ապագային ալ պիտի տան յետ մահու մարդու կեանքին մասին: Հարցադրողներուն միջեւ նկատուող տարբերութիւնները, առհասարակ, անոնց ունեցած հաւատքին մէջ պէտք է փնտռել:
Արկածի կամ յանկարծական այլ վտանգի ընթացքին իրենց գիտակցութիւնը կորսնցուցած անձերու փորձառութիւնը արձանագրուած է հոգեբաններու կողմէ իբրեւ գիտութիւն, երբ արկածահարները դարձեալ գիտակցութեան եկած են: Անոնցմէ շատեր այնպէս զգացած են, թէ մահուան սահանքի մը մէջ եղած են այդ պահուն: Ուրիշներ այդ սահանքին զգացումը անել ու մութ փապուղիի նմանցուցած են: Իսկ երրորդ տեսակի փորձառութիւնը կը պատմէ այն մասին, թէ փապուղիին միւս կողմը, մութ սահանքէն ետք կ՛երեւէր զօրաւոր լոյս մը, եւ շուտով պիտի հասնէին այնտեղ, եթէ արթննալով դարձեալ մահկանացու կեանք չվերադառնային…
Քրիստոնէական եկեղեցին Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեամբ գիտական սոյն աղօտ պատկերացումին իսկական բացատրութիւնը կու տայ ու կը պարզաբանէ մահուան փապուղիէն անդին երեւցող լուսեղէն կեանքը:
Մահը խաւարի փոս մըն է: Այնպէս ինչպէս ֆիզիքական մարմինը կենդանի հոգիէն դատարկուելէ ետք կը մտնէ ցուրտ փոսին մէջ, նոյնպէս ալ գիտակցական կեանքէն ետք մարդ կը մտնէ անգիտակից մութ գիշերուայ մը սահանքին մէջ, հոգեւին ձգտելով դուրս գալ այդ անորոշութենէն, մինչեւ հասնիլը գիտութեան Լոյսին՝ Աստուծոյ:
Մարդկային կեանքին տառապանքը խորհրդանշող Քրիստոսի անարգ խաչելութենէն ետք անոր եռօրեայ թաղումը նորափոր գերեզմանի մէջ, դարձեալ կը խորհրդանշէ ֆիզիքական մահուընէ ետք մարդուն ժամանակաւոր մուտքը մութ փապուղիի մէջ՝ մեռելներու աշխարհէն ներս, այն յոյսով որ այդ սահանքի աւարտին ան պիտի յայտնուի լոյսի յաւերժական կեանքէն ներս:
Անցած բոլոր դարերուն, նոյն փապուղիին մէջ՝ առանց իրար հանդիպելու եւ առանց իրար խաչաձեւելու մտած էին արքաներ թէ ստրուկներ, իշխաններ թէ ծառաներ, մեծեր թէ փոքրեր, անմեղներ թէ մեղաւորներ, սակայն անորոշ չուերթի յանձնուելով: Քրիստոսի մուտքը եռօրեայ թաղմամբ այդ ժայռափոր գերեզմանին մէջ, ու մանաւանդ երրորդ օրը վիմային հսկայ կափարիչին բացուելով տեղի ունեցած Անոր հրաշազան Սուրբ Յարութիւնը աստուածապէս, փապուղիին միւս ծայրէն երեւցող գիտականօրէն բացատրուած լոյսին երաշխիքը տուին համայն մարդկութեան:
Քրիստոսի Սուրբ Յարութեամբ իմաստաւորուեցաւ մարդկային կեանքը:
Սահմանափակ օրերու կեանք չէր կրնար ըլլալ բանական մարդուն կեանքը: Այլապէս անբան անասունին եւ շնչող բոյսին նմանութեամբ իսկապէս կորստական մահուան դատապարտուած կեանք մը պիտի ըլլար ան: Իսկ մարդկային կեանքը՝ հարուստ բազմապիսի յուշերով, ապրումներով, սիրոյ արտայայտութիւններով, զաւակներու թէ ծնողներու նկատմամբ հոգածական ու խնամատարական հովանաւորութիւններով բացատրուող, որպէս գիտակցական կեանք, պէ՛տք է ունենար իր շարունակութիւնը յաւիտենութեան մէջ:
Այս յոյսն է յաճախ, որ կը մղէ մարդկութիւնը յարգելու ննջեցեալներուն յիշատակը: Ո՛չ մէկ անձ պիտի փափաքէր իր հարազատը թողել մահուան մութ փապուղիի անորոշ սահանքին մէջ: Բոլորն ալ պիտի ուզէին լոյսի աշխարհին մէջ դիմաւորել զայն ու պատուել ըստ արժանւոյն:
Նոյն փափաքին առաջին օրինակը տուաւ Քրիստոս իր աստուածային Յարութեամբ: Մահուան անխուսափելի ներկայութիւնը թուլցաւ՝ իր հզօր ուժը յանձնելով Լոյսին: Հոգիի խորութիւնը կը բացատրուի անմահութեան անհուն գաղափարով: Անմահ հոգին չի կաշկանդուիր ո՛չ գերեզմանուելով, ո՛չ ալ մահուան փապուղիի մէջէն անցնելով: Ան անպայման կը հասնի Լոյսին, որովհետեւ այդ յոյսն ու հաւատքը Քրիստոսի ուսուցումներուն ճամբով բանաձեւուած ճշմարտութիւններ են արդէն:
Աշխարհի մարդկութեան տրուած մեծագոյն այս յոյսով ողջունենք իրար որպէս ճշմարիտ քրիստոնեայ հաւատացեալներ: Ապրինք այնպէս, որ մահուան ստուերը երբեք չ՛իյնայ մեր լուսեղէն աստուածատիպ եւ անստուեր հոգիին վրայ, որպէսզի կարողանանք օր մը միանալ Յարուցեալ Փրկիչին, Անոր հետ դուրս գալով մահուան մութ փապուղիէն եւ գրկել Լոյսը յաւիտենական:







All the contents on this site are copyrighted ©.