2014-04-30 14:36:47

Կարտինալական ''ութեակ'' խորհուրդի ժողովներուն մասին տեղեկատուութիւն


Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի 30 ապրիլին հրատարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի թէ անցեալ 28 ապրիլին Վատիկանի մէջ սկիզբ առած Կարտինալական ''ութեակ'' խորհուրդի նիստերը վերջ կը գտնեն 30 ապրիլի յետմիջօրէին։ Վերոյիշեալ ժողովներուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ Վատիկանի Պետքարտուղարը` Կարտինալ Փարոլին։
Չորեքշաբթի 30 ապրիլի առաւօտեան նիստին, Խորհուրդը հանդիպում ունեցաւ Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար` Կարտինալ Լոնրէնցօ Պալտիսսէրրիի հետ որ զեկուցեց յառաջիկայ Սիւնհոդոսի նախապատրաստական աշխատանքներու մասին։
Յայտնենք որ կարտինալական խորհուրդը մտադիր է նոր ժողով մը գումարել յառաջիկայ Յուլիս 1 մինչեւ 4։ Յայտնենք նաեւ որ կարտինալական խորհուրդը մինչեւ օրս գումարած, չորս նիստեր. 1-3 հոկտմբեր 2013, 3-5 դեկտեմբեր 2013, 17-19 փետրուար 2014 եւ 29-30 ապրիլ 2014։
Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակը հաղորդագրութեան մէջ ապա կը յայտնէ թէ Ուրբաթ 2 մայիսին Առաքելական Պալատի Պոլոնիա Սրահին մէջ, Վատիկանի տնտեսութեան նորաստեղծ խորհուրդը իր անդրանիկ ժողովը պիտի գումարէ։ Այս առթիւ Սրբազան Քահանայապետը ժողովականներուն ողջոյնի խօսք մը պիտի ուղղէ։ Նիստի գլխաւոր նիւթը պիտի ըլլայ Խորհուրդի սահմանադրութիւնը ու անոր աշխատանքային ծրագիրը։
Մինչ մանուկներու պաշտպանութեան ի խնդիր Քահանայապետական յանձնախումբը իր անդրանիկ ժողովը կը գումարէ 1 – 3 մայիս, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ։ Նիստերու ընթացքին ժողովականները պիտի քննարկեն ու խորհրդածեն յանձնախումբի նպատակներու մասին ինչպէս նաեւ նոր անդամներու անուանումի մասին։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, այս առթիւ եւս, յանձնախումբին պիտի ուղղէ ողջոյնի խօսք մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.